Քաթարեան “Պալատունա” Ընկերութիւնը յայտնեց, որ 250 միլոն ԱՄՆ տոլար պիտի ներդնէ Սուրիոյ մէջ կաթնամթերքի եւ զովացուցիչներու արտադրութեան արդիւնաբերական կեդրոնի մը կառուցման ու բանեցման համար։

Ծրագիրը կ՚իրականանայ Սուրիոյ մէջ ներդրումային ծրագիրներու աշխուժացնան շրջագիծին մէջ։ Հետագային մայր կեդրոնին մէկ այլ ճիւղը պիտի հիմնուի նաեւ Եգիպտոսի մէջ։