Սուրիական “Վառելանիւթ” Ընկերութիւնը բնակարանային օգտնագործման կազ ստանալու համար ելեկտորնային քարտի եւ կարգի դրութիւնը չեղեալ պիտի համարէ յառաջիկայ 6 Յուլիս 2025-էն սկսեալ։
Ընկերութեան տնօրէն Թարէք Ասֆուր յայտնեց, որ այս որոշումը յառաջ եկաւ կազի գործարաններէն ներս արտադրութեան բարելաւման լոյսին տակ։
Ան յայտնեց, որ քաղաքացիները կրնան կազ ստանալ 11,8 ԱՄՆ-ի տոլար սակագինով, աւելցնելով, որ խիստ հսկողութիւն պիտի ըլլայ անոր վաճարման ընթացքին եւ սակագինին վրայ։