ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը Երեքշաբթի, 24 Յունիսին յայտարարեց, որ ամերիկացի մարզիչ Ժոզէֆ Սթեպինկ Սուրիոյ տղոց ազգային հաւաքականի մարզիչ նշանակուած է։ Սթեպինկ պիտի գլխաւորէ խումբը 2025-ի Ասիոյ գաւաթի եզրափակիչ փուլին եւ 2027-ի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլին: Ամերիկացի մարզիչը ունի լայն փորձառութիւն, նախապէս աշխարհի առաջնութեան գլխաւորած է Յորդանանի եւ Քաթարի ազգային հաւաքականները, ինչպէս նաեւ վերահսկած է արաբական ծոցի շարք մը ակումբներու մարզումները:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան աւարտին, Դամասկոսի Ուահտէն հերթական երրորդ եւ իր պատմութեան մէջ 12-րդ անգամ ըլլալով յաջողեցաւ տիրանալ ախոյեանի կոչումին՝ աւարտական փուլին պարտութեան մատնելով Հալէպի Ահլին երեք հանդիպումներու ընթացքին, մինչդեռ մրցակիցը կրցաւ յաղթել միայն մէկ անգամ:
-Պասքեթի ախոյեանութեան աղջկանց աւարտականին, Դամասկոսի Ուահտէն դարձեալ կրցաւ տիրանալ Սուրիոյ ախոյեանութեան՝ պարտութեան մատնելով դրացի Պարատան: Աւելցնենք, որ Ուահտէի ախոյեանութեան բաժակը բարձրացուց Սուրիոյ հաւաքականի խմբապետուհի Ալիսիա Մակարեան:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒՇՈՅԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ 19 ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ
Հայաստանի աւանդական ուշոյի հաւաքականի անդամները 11 ոսկի, 4 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալ նուաճեցին Յունաստանի Հերակլիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աւանդական ուշոյի Եւրոպայի 8-րդ առաջնութեան մրցումներուն: Հայաստանի պատուիրակութիւնը մրցավայր մեկնեցաւ դաշնութեան նախագահ Ռուստամ Ալավերտեանի գլխաւորութեամբ: Երէցներու կազմին յաղթանակ արձանագրեցին 52 քկ. ծանրութեամբ Վահան Մկրտչեան, 56 քկ.՝ Ժիրայր Պետրոսեան, 60 քկ.՝ Արսէն Պաղրեան, 70 քկ.՝ Դաւիթ Վարդանեան, 75 քկ.՝ Սեւակ Մուսայէլեան եւ 90 քկ.՝ Գառնիկ Գալստեան: Երկրորդ տեղը գրաւեցին 65 քկ. ծանրութիւն ունեցող Ռուբէն Մարգարեան, 100 քկ.՝ Ալիկ Ալավերտեան եւ Դանիա Յովհաննէսեան: Երէցներու պայքարին պատուոյ հարթակի երրորդ դիրքը գրաւեցին 85 քկ.՝ Տիգրան Գէորգեան: Երիտասարդներու պայքարին առաջին տեղը կրցան գրաւել 48 քկ.՝ Գարօլին Համբարձումեան, 52 քկ.՝ Մանէ Եկանեան, 56 քկ.՝ Գէորգ Պաղտասարեան, 60 քկ.՝ Էրիկ Վիրապեան եւ 70 քկ.՝ Դաւիթ Պաղտասարեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԻՆՉԵՒ 21 ՏԱՐԵԿԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Անգլիոյ երիտասարդական հաւաքականը երկրորդ անգամ ըլլալով անընդմէջ նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը՝ աւարտական մրցումին յաղթելով Գերմանիոյ: Եւրոպայի մինչեւ 21 տարեկաններու 2025-ի առաջնութեան եզրափակիչ մրցումին Անգլիա լրացուցիչ ժամուն 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գերմանիան: Անգլիոյ կազմէն կոլեր նշանակեցին Հարուի Էլլիոթ, Օմարի Հաթչինսոն եւ Ճոն Ռաունն, իսկ Գերմանիոյ կոլերու հեղինակները դարձան Նելսըն Վայփըր եւ Փոլ Նեպէլ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան