Հայաստանի Ազգային ժողովը 3 Յուլիսին ամբողջութեամբ ընդունեց «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութիւնը պետականացնելու նախագիծը:

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ներկայացուցած օրէնսդրական ծրարը փոփոխութիւններ կը նախատեսէ «Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող մարմինի մասին» եւ «Ուժանիւթի մասին» օրէնքներուն մէջ:

Միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի` Հայ եկեղեցւոյ աջակցող յայտարարութենէն, ապա անոր ձերբակալութենէն ետք հապճեպ մշակուած նախագիծը նախանցեալ օր առաջին ընթերցումով ընդունուած էր:

Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ուն կառավարումը կը ստանձնեն արդէն այս ամիս:

Նախագիծով նախ եւ առաջ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու կառավարման հարցը կը լուծուի, կան դրոյթներ նաեւ զուտ սեփականութեան վերաբերեալ. եթէ խախտումներու հիման վրայ յարուցուած վարոյթին հիմամբ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ը արտօնագիրէ զրկելու որոշում կայացուի, գործադիրը ընկերութեան սեփականատէրերուն կ՛առաջարկէ իրեն հետ համաձայնեցուած կարգով օտարել բաժնետոմսերը, գոյքը: Ժամկէտ ալ կը սահմանուի` երեք ամիս, եթէ այդ ընթացքին գոյքը չվաճառուի, ատիկա տեղի կ՛ունենայ Սահմանադրութեան 60-րդ յօդուածին համապատասխան:

«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ ընկերութեան դէմ «մարտեր առանց կանոնի» ձեւաչափով կը պայքարին, իրենք իրաւական ճանապարհով պիտի երթան: Կարապետեանները տեղեկացուցած են, որ եթէ իշխանութիւնները նոյն ձեւով շարունակեն, Հայաստանի դէմ իրաւարարական վարոյթ պիտի յարուցուի: