Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ աշ-Շարայի եւ Առաջին տիկինին ներկայութեամբ, Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2025-ին Դամասկոսի Ժողովրդական պալատէն ներս պաշտօնապէս մեկնարկը կատարուեցաւ Սուրիոյ նոր տեսողական ինքնութեան խորհրդանիշերու ներկայացման։
Արարողութեան մասնակցեցան Սուրիոյ բոլոր նահանգներէն ներկայացուցիչներ։
Արարողութիւնը սկսաւ Դամասկոսի Ժողովրդական պալատի անյայտ զինուորի յուշակոթողէն, ուր ներկայացուեցան բարձր արհեստագիտական, արդիական տեսողական ցուցադրութիւններ՝ միախառնելով աւանդականն ու ժամանակակից ոճը։ Նման արարողութիւններ կատարուեցան նաեւ Սուրիոյ բոլոր նահանգներու գլխաւոր հրապարակներուն մէջ։