Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա երէկ, Ժողովրդական պալատէն ներս Սուրիոյ նոր տեսողական ինքնութեան ներկայացման արարողութեան ընթացքին խօսք առնելով ըսաւ, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նոր տեսողական ինքնութիւնը կ՚արտացոլէ Սուրիան, որ մասնատում չ՚ընդունիր, միասնական է, կ՚արտացոլէ նաեւ Սուրիոյ մշակութային և ցեղային բազմազանութիւնը: Ան կ՚արտայայտէ սուրիացիին վերափոխումը, խզումը ճնշումի եւ բռնապետութեան համակարգէն եւ կը հանդիսանայ նոր ինքնութեան սկիզբ՝ պետութեան եւ սուրիացիներուն առջեւ բացուող արժանապատիւ կեանքի համար: