ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿԷՆ
Մանուկները կը դաստիարակուին զիրենք շրջապատող միջավայրերուն ազդեցութեան ներքոյ։ Այսպէս. ծնողներու վերաբերմունքը իրար նկատմամբ, ընտանիքին մէջ կնոջ հանդէպ վերաբերմունքը, տնային աշխատանքը, գիրքերը, շարժապատկերները, շրջապատը եւ այլն կ’ազդեն փոքրիկին դաստիարակութեան ու անոր ներաշխարհի ձեւաւորման մէջ:
Այսպիսով փոքրիկին մէջ կը պատուաստուին այնպիսի յատկութիւններ, ինչպիսիք են՝ ազնուութիւնը, կարեկցանքը, անկեղծութիւնը, այլոց նկատմամբ յարգանքը։ Մենք կը նախապատրաստենք այն հիմքը, որուն վրայ պէտք է կառուցուին մարդկային յարաբերութիւնները՝ դպրոցի մէջ, աշխատանքի պահուն, առօրեայ կեանքի եւ ապագայ ընտանիքին մէջ: Սակայն դաստիարակութեան մէջ պէտք է նկատի առնել աղջիկներու եւ տղաներու հետաքրքրութեանց եւ պահանջներու առանձնայատկութիւնները:
Համերաշխ ընտանիքի մէջ, երբ հայրը եւ մայրը հոգատար են իրար նկատմամբ, մայրը կը յարգուի բոլորին կողմէ, երբ ծնողներու եւ մանուկներու համոզումները եւ անձնական հետաքրքրութիւնները մօտիկ են, տղան չի վիրաւորեր մայրը կամ քոյրը, չի վիրաւորեր նաեւ իր դպրոցական ընկերուհին: Ծնողներու օրինակը, հետաքրքրութիւնները, խօսակցութիւնները, ամէն ինչ կը դաստիարակեն երեխան:
Եթէ երեխան փոքր տարիքին շրջապատուած է ծնողներու հոգատարութեամբ, ուրախ, անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ, կարելի է ըսել, որ հաստատուած կ’ըլլայ նաեւ անոր սեռական ճիշդ դաստիարակութեան ամուր հիմքը:
Ուստի հարկ է, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի կեանքը ըլլայ բովանդակալից, հետաքրքրական, թէ՜մեծերը, թէ՜ փոքրերը միասին արշաւներ կազմակերպեն դէպի տեսարժան վայրեր, թատրոն ներկայանան, որպէսզի իրենց միջեւ հոգեւոր մտերմութիւն յառաջանայ:
Տղուն յարգալից վերաբերմունքը աղջկանց նկատմամբ, դաստիարակութեան արդիւնքով, աստիճանաբար կը կազմաւորուի: Որքան կարեւոր է մանչը ներշնչել այնպէս մը, որ ուժեղ մարդը պարտաւոր է պաշտպանել միւս սեռի ներկայացուցիչը, օգնել անոր ծանր աշխատանքի ընթացքին, իր տեղը զիջիլ աղջկան  եւ այլն:
 Պատանիները պէտք է հասկնան, որ խիզախութիւնը կը դրսեւորուի պատրաստակամութեան, կնոջ նկատմամբ ուշադրութեան եւ ազնուութեան, ոչ թէ կոպիտ արարքներու մէջ:
Այն ընտանիքներու մէջ, ուր տղաքը փոքր տարիքէն հօր հետ միասին հոգատար են իրենց մօր, կ’օգնեն անոր ամէն ինչի մէջ, կը դաստիարակուին որպէս  ապագայ ընտանիք սիրող ու յարգող տարրեր:
Կարեւոր է իւրաքանչիւր փոքրիկի մէջ ընդունակութիւններ, բազմակողմանի հետաքրքրութիւններ զարգացնել:
Միւս կողմէ, հարկ է զինք մասնակից դարձնել խմբային աշխատանքի, որուն ընթացքին կը ստեղծուին բարեկամութիւնը եւ ընկերութիւնը:
ԵՂՈՒՆԳՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԸ ՍԵՓԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ
Եղունգներու խնամքը շատ կարեւոր եւ զգուշութիւն պահանջող գործընթաց է։ Պատահական չէ, որ շատ մը կիներ իրենց եղունգներուն խնամքը կը վստահին մասնագէտներու։ Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է խնամել զանոնք տան մէջ, սեփական միջոցներով։
Մեզի անհրաժեշտ են.
 Խարտոց, հականեխիչ ժել, փայտիկներ, ձեռքի քսուկ, աւելորդ մորթը մաքրող ժել եւ մկրատ, եղունգի արտաքին ներկը մաքրող հեղուկ, բամպակ։
Նախ կը հականեխենք ձեռքերը։ Ապա կը սկսինք եղունգները խարտել՝ անոնց տալով կլոր, քառակուսի, կամ սուր ձեւ։
Խարտելէն առաջ չենք մոռնար լաւ մը չորցնել ձեռքերը։ Եղունգներու երկարութիւնը սահմանելու համար պէտք է ընտրել խարտոցի կոշտութեան ճիշդ աստիճանը՝ ըստ եղունգներու տեսակին։ Այնուհետեւ կը հեռացնենք եղունգներու նախկին ներկը, ապա քսուկով կը կակուղցնենք եղունգներու շուրջի մորթը եւ յատուկ մկրատով կը հանենք անոր աւելորդ բաժինը։
Ետքը յատուկ քսուկով կը փափուկցնենք ձեռքերն ու եղունգները։
Այս խնամքը առնուազն շաբաթը անգամ մը պէտք է կատարել, որմէ ետք կարելի է ձեր նախասիրած գոյնով ներկել եղունգները կամ զօրացուցիչ ներկ քսելով օգնել որ ամրանան։ Մերթ ընդ մերթ ձեռքերը պէտք է դնել գաղջ ջուրի մէջ, որուն նախապէս աւելցուցած կ’ըլլանք անուշաբոյր բոյսեր կամ քսուկներ։ Այսպիսով կ’օգնենք եղունգներուն որ աճին ու փափուկ եւ փայլուն մնան։