Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ
Ծնողներն ու խնամատարները յաճախ մտահոգ կը դառնան, երբ մանուկը ջղային կը դառնայ կամ տարօրինակ վարք կը ցուցաբերէ։
Ստորեւ տեսնենք, թէ մանուկներու զարգացման փուլին ո՞ր վարքագիծերը պէտք է մտահոգեն ծնողքը, եւ ո՞ր պարագային պէտք է դիմել մասնագէտի։
Ո՞ր վարքը բնական կը համարուի 3-6 տարեկան մանուկներու համար։
Այս տարիքը ինքնութեան եւ անկախութեան ձեւաւորման շրջանն է։ Մանուկը կը փորձէ բացայայտել իր սահմաններն ու կարելիութիւնները։ Այստեղ
կը նկատենք հետեւեալները.
-Յաճախակիօրէն «ոչ» ըսելը՝ որպէս հակադրութիւն ծնողքի խօսքին։
-Յուզական պոռթկումներ՝ որպէս յոյզերու արտայայտման ձեւ։
-Դժուարութեամբ հաղորդակցիլը խաղերու ընթացքին՝ բաժնեկցելու, կարգով խաղալու հմտութիւններու բացակայութիւնը։
-Քունի եւ սնունդի բարդութիւններ, որոնք անցողիկ են, երբեմն մանուկին խաղով տարուած ըլլալուն հետեւանքով քունի ժամերը կրնան փոխուիլ կամ ախորժակը նուազիլ։
Այսպիսի վերաբերմունք սովորաբար կարելի է յաղթահարել սիրով, համբերութեամբ ու մանուկի զարգացման նպաստող միջավայր ստեղծելով։
Ե՞րբ մանուկին վարքը մտահեքիչ պէտք է համարել։
Հետեւեալ վարքագիծերու պարագային պէտք է անյապաղ խորհրդակցիլ մասնագէտի հետ.
1. Մշտական ջղային վիճակ
Եթէ մանուկը անընդհատ կը զարնէ, կը խածնէ, կը քաշքշէ իր կամ խաղընկերոջ մազերը՝ առանց զղջալու իր արարքներուն համար, այս պարագային յոյզերը հաւասարակշռելու իր դժուարութիւնը կ’արտայայտէ։
2. Ընկերային մեկուսացում
Եթէ մանուկը չի փափաքիր խաղալ կամ հաղորդակցութեան մէջ մտնել ոչ միայն այլ մանուկներու, այլեւ հարազատներու հետ, կ’անտեսէ խաղի հրաւէրները, կը խուսափի մարդոցմէ, կը նշանակէ ինքնամեկուսացման կ’ուղղուի։
3. Զարգացման հմտութիւններու կորուստ
Երբ մանուկը կը կորսնցնէ իր ձեւաւորած հմտութիւնները՝ խօսքի, ինքնուրոյնութեան կամ արտայայտչաձեւերու, կը նշանակէ նահանջի մէջ է այս առումով։
4. Կեանքի վրայ ազդող վախեր եւ յուզումներ
Վախերն ու անհանգստութիւնները շատ ուժեղ են, կը խանգարեն քունը, մանկապարտէզ յաճախելու սովորութիւնը կամ մանուկին մարդոց հետ հաղորդակցութիւնը։
Ի՞նչ ընել։
Յիշեցէ՛ք, որ դուք մանուկին ապահովութեան եւ կայուն զարգացման պատասխանատուն էք։ Ուստի, եթէ վերոնշեալ վարքագիծերէն քանի մը հատը պարբերական բնոյթ ունենան կամ շեշտուին, դիմեցէ՛ք հետեւեալ քայլերուն.
– Արձանագրեցէ՛ք վարքի դրսեւորումները՝ ժամանակը, պատճառները եւ յաճախականութիւնը։
– Խօսեցէ՛ք դաստիարակին կամ ուսուցիչին հետ՝ տեսնելու, թէ արդեօ՞ք վարքը դպրոցի մէջ եւս կը կրկնուի։
– Դիմեցէ՛ք մանկավարժի կամ հոգեբանական խորհրդատուի՝ հարցը յայտնաբերելու եւ շուտով լուծելու։
Ի՞նչ պէտք է յիշել։
– Մանուկները վատ չեն. անոնք պարզապէս չեն կրնար միշտ հասկնալ կամ կառավարել իրենց զգացումները։
– Վարքի խանգարումները կարելի է սրբագրել կամ մեղմացնել կանուխ միջամտութեան պարագային։
– Սահմանները, սիրով հաստատուած կարգապահութիւնը եւ վստահելի մթնոլորտը կարեւոր են իւրաքանչիւր զարգացման փուլի մէջ։
Երբեմն մանուկին վարքը «անհանգստացնող» կը թուի պարզապէս այն պատճառով, որ ան չի համապատասխաներ մեր սպասումներուն։ Սակայն կարեւոր է վստահիլ նաեւ ձեր ենթագիտակցութեան. եթէ զգաք, որ սխալ բան մը կայ, մի՛ վախնաք մասնագէտի դիմելէ։
ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՍՏԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ
Իւրաքանչիւր ծնողք ուշ կամ կանուխ կը յայտնաբերէ, թէ փոքրիկը երբեմն սուտ կը խօսի կամ պատմութիւններ կը յօրինէ: Մանուկը ինչո՞ւ կը ստէ, արդեօ՞ք կարելի է զինք զերծ պահել ստախօսութենէ։ Ըստ հոգեբաններու, կրկնուող սուտը կրտսեր դպրոցականներուն մօտ պէտք է մտահոգիչ դառնայ ծնողներուն համար, որովհետեւ այս պարագան
կը նշանակէ, որ իրենց զաւակը հարցեր կը դիմագրաւէ: Հոգեբաններ
կը շեշտեն սակայն, որ նախադպրոցական տարիքի մանուկներուն մօտ սուտը երեւակայական բնոյթ ունի: Այս տարիքի փոքրերուն երեւակայութիւնը այնքան հարուստ է, որ անոնց համար հաճելի կը դառնայ պատմութիւններ յօրինելը։ Այս պարագային ծնողները պէտք չէ բարկանան փոքրիկին վրայ՝ անոր վառ երեւակայութեան համար: Ընդհակառակը. անոնք պէտք է օգնեն փոքրիկին՝ խօսելով անոր երեւակայութեան մասին: