Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք նկատելի է Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ Սուրիոյ վերափոխուող կեանքին մէջ դերակատարութիւն  ունենալու շահագրգռուածութիւնը։ Անոնց շահերը ժամանակի ընթացքին, սակայն, կը բախի՞ն, թէ կը համալրուին…։
Իրականութեան մէջ, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն կարճ շրջան մը ետք, Սէուտական Արաբիոյ միջնորդութեամբ էր, որ ԱՄՆ նախագահը Ռիատի մէջ յայտարարեց Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկման իր որոշումը։ Այս պատմական միջնորդութիւնը ցոյց կու տար, որ Սէուտական Արաբիան կը փափաքի կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ Սուրիոյ մէջ, յատկապէս նպաստելով երկրի տնտեսութեան վերականգնումին։
Ռիատ Դամասկոսի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզած եւ իր դեսպանատուը փակած էր 2012-ին, Սուրիոյ իշխանութիւններուն ցուցարարներու դէմ բռնի ուժ կիրարկելուն պատճառով։ Ու թէեւ Սէուտական Արաբիան 2023-ին ջանաց վերականգնել Սուրիոյ մասնակցութիւնը Արաբական Լիկայի ժողովներուն՝ Սէուտական Արաբիա-Իրան համաձայնութիւններու լոյսին տակ իր դերը վերականգնել փորձելով տարածաշրջանին մէջ, այնուամենայնիւ, միայն Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութենէն ետք էր որ ուղղակի ներդրումներ կատարելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ այս ուղղութեամբ արագ քայլերու ձեռնարկեց։
Օրերս, Դամասկոսի Ժողովրդական պալատին մէջ Սուրիոյ նախագահին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ սուրիական-սէուտական ներդրումային համաժողովը։ Ստորագրուեցան 6 միլիար տոլարի արժողութեամբ 47 համաձայնագիր եւ փոխըմբռնումի յուշագիր: Ասիկա որակական քայլ մըն էր ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման իմաստով եւ կը խթանէր երկու երկիրներու տնտեսական եւ ներդրումային գործակցութիւնը:
Սէուտական Արաբիան փաստօրէն կը ձգտի ամրապնդել Սուրիոյ քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը՝ առաջնորդն ու կազմակերպողը հանդիսանալով տարածաշրջանային երկխօսութեան եւ նպաստելով Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկման։ Ու որքան հմուտ ըլլայ Սէուտական Արաբիան իր տնտեսական գործակցութեան դաշտին մէջ, այնքան արագ կրնայ սատարել Սուրիոյ տնտեսական կայունացման։
Իրանի ազդեցութեան վերացումով, Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ արաբական երկիրներու ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ կը դառնայ աւելի տիրական, ինչ որ, անխափան ընթանալու պարագային, կրնայ ծառայել արաբական ընդհանուր շահին ու տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման։
Թուրքիա իր կարգին կը ջանայ Սուրիոյ մէջ իր ազդեցութիւնը վերականգնել, յատկապէս սատարելով Սուրիոյ ապահովական ու պաշտպանական ոլորտին՝ բացառելու Սուրիոյ մասնատումը, որ սպառնալիք կրնայ դառնալ իր ապահովութեան։
Երկու երկիրներուն համար ալ Սուրիոյ կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է, այդ իսկ պատճառով անոնց գործակցութիւնը կը գերիշխէ մրցակցութեան։ Իւրաքանչիւրը ըմբռնումով կը մօտենայ կարծէք միւսին դերին։
Եթէ Սուրիոյ մէջ Թուրքիա-Իսրայէլ ազդեցութեան մրցակցութիւնը լարուածութեան վերածուելու նշաններ ցոյց կու տայ, Թուրքիոյ-Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը  համալրուող կը թուի ըլլալ, յատկապէս նկատի ունենալով Ռիատի եւ արաբական աշխարհի ֆինանսական կարելիութիւնները, որոնք կը գերազանցեն Անգարայինը։