ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԾՈՎԱՓԵՐԸ
Հետաքրքրական է իմանալ աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ իւրայատուկ ծովափերը, որոնք կ’առանձնանան իրենց գոյնով, ձեւով կամ պատմութեամբ։
1. Վարդագոյն Աւազով Ծովափ (Pink Sand Beach), Պահամաներ
Ունի վարդագոյն աւազ։ Գոյնը կը յառաջանայ Ծակոտկէն քարերէ՝ ֆորամինիֆերներէ։ Ան հիանալի ծովափ մըն է լուսանկարներու եւ հանգստեան օրերու համար։
2. Փունալուու Սեւ Աւազով Ծովափ (Punalu’u Black Sand Beach), Հաուայեան կղզիներ
Յատկանշուած է սեւ աւազով, որ յառաջացած է հրաբխային լաւայէ։ Այս ծովափին յաճախ կարելի է տեսնել ծովային կրիաներ։ Գեղեցիկ է յատկապէս ուժեղ հակադրութիւնը կապոյտ ջուրին եւ սեւ աւազին։
3. Ապակիի Կտորներով Ծովափ (Glass Beach), Քալիֆորնիա, ԱՄՆ
Շատ հետաքրքրական ծովափ մըն է։ Պատուած է հարթեցուած ապակիի կտորներով։
Ստեղծուած է տարիներու ընթացքին՝ աղբի վերամշակման հետեւանքով։ Ծովափի աւազներուն վրայ գունաւոր ապակիները կը փայլփլին արեւուն տակ։
4. Ճերմակ Նաւահանգիստ Ծովափ (Whitehaven Beach), Աւստրալիա
Այս ծովափը ունի մաքուր սպիտակ աւազ։ Ջուրը փիրուզագոյն է, շատ մաքուր։ Ծովափ կարելի է հասնիլ միայն նաւակով կամ ուղղաթիռով։
Ի՞ՆՉ ՈՒՏԵԼ ԱՄՌԱՆ
ՏԱՔ ՕՐԵՐՈՒՆ
Ամռան տաք օրերուն ուտելու ձեւը կարեւոր է՝ առողջութիւնը պահպանելու, ջերմաստիճանին յարմարելու եւ ձեր ուժը հաւասարակշռելու համար։ Ստորեւ՝ քանի մը խորհուրդ ամառնային սնունդի մասին։
Նախընտրելի Սննդեղէն
-Թարմ բանջարեղէն եւ պտուղ՝ յատկապէս ջրոտ պտուղներ, ինչպէս՝ձմերուկ, սեխ, վարունգ, լոլիկ։
-Թեթեւ աղցաններ՝ ձիթաիւղով, կիտրոնով կամ մածունով խառնուած։
-Խաշած կամ թեթեւ ձէթով թմրեցուած ու եփած, ոչ շատ իւղոտ հաւ եւ ձուկ։
-Հացահատիկներ՝ բրինձ, ցաւար, վարսակ։
-Թթուած կաթնամթերք՝ մածուն, քեֆիր, որոնք կ’օգնեն մարսողութեան։
Ամռան Ի՞նչ Բաներէ Խուսափիլ
-Ծանր, իւղոտ ու տապկուած սնունդէ։
-Շաքարով հարուստ ըմպելիներէ՝ կազով ըմպելիներ, քաղցր հիւթեր եւ այլն։
-Ոգելից եւ շատ քաֆէյին պարունակող ըմպելիներէ, որոնք մարմինը ջրազուրկ
կը դարձնեն։
Ջուրի Հաւասարակշռուած օգտագործում
-Խմել բաւարար քանակով ջուր՝ առնուազն օրական 8-10 գաւաթ։
-Օգտագործել բնական, պաղ ըմպելիներ՝ պտուղի հիւթ, թան, պաղած կանաչ թէյ եւ այլն։
Ուտելու ժամերը
-Սնանիլ յաճախ, բայց փոքր չափաբաժիններով։
-Խուսափիլ շատ ուշ ժամերու ընթրելէ, յատկապէս տաք օրերուն։
Խորհուրդներ
-Ամռան կարելի է օգտագործել նաեւ պաղ ապուրներ, օրինակ՝ մածնապուր, սոխով, պանիրով, կամ սունկով ապուր եւ այլն։
-Օգտագործել եղանակային մթերք, որ աւելի թարմ է եւ հարուստ կենսանիւթերով։