باستضافة نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب و توابعها، عُقد الاجتماع الدوري لمجلس رؤساء الطوائف المسيحية في حلب، وذلك صباح يوم السبت الواقع في ٢ آب ٢٠٢٥، بمشاركة رؤساء الطوائف المسيحية وبحضور مدير صحة حلب الدكتور محمد وجيه جمعة، ومعاون محافظ حلب للشؤون الصحية الدكتور بركات اليوسف، في دار المطرانية.
خلال الاجتماع، تم الحديث عن واقع المراكز الطبية التابعة للطوائف المسيحية والصعوبات التي تواجهها، وعن سبل التعاون بين هذه المراكز ومديرية صحة حلب لاستمرارية تأمين خدمات صحية للمواطنين.
———-
Շաբաթ, 2 Օգոստոս 2025-ի առաւօտուն, հիւրընկալութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան քրիստոնեայ համայնքապետները իրենց օգնականներով, ինչպէս նաեւ Հալէպի առողջապահական գրասենեակի տնօրէն տոքթ. Մուհամմետ Ուաճիհ Ճումաա եւ առողջապահական հարցերու գծով Հալէպի նահանգապետի օգնական տոքթ. Պարաքաթ ալ-Եուսէֆ։
Ժողովականները Հալէպի առողջապահական տնօրէնին հետ արծարծեցին համայնքներու հովանաւորութիւնը վայելող առողջապահական կեդրոններուն մատուցած ծառայութիւններուն եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, դիտել տալով, որ յիշեալ կեդրոնները խորհրդանշական սակով բժշկական ծառայութիւն կը մատուցեն տեղացիներուն։ Յոյս յայտնուեցաւ յառաջիկային Հալէպի առողջապահական գրասենեակի տնօրէնութեան հետ գործակցաբար յաղթահարելու վարչական բոլոր դժուարութիւնները եւ հեզասահ ընթացք տալու յիշեալ կեդրոններու գործունէութեան։
Համայնքապետները անդրադարձան նաեւ
ներկայ իրավիճակին, տնտեսական առկայ դժուարութիւններուն, դպրոցներուն դիմագրաւած հարցերուն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ համայնքները յուզող խնդիրներու։ Ժողովականները պատրաստակամութիւն յայտնեցին եղբայրական ոգիով եւ գործակցութեամբ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները եւ առաւել չափով օգտակար դառնալու ժողովուրդի զաւակներուն։