Սննդամթերքով եւ առաջին օգնութեան նիւթերով բեռնուած 40 բեռնատարէ բաղկացած մարդասիրական օժանդակութեան շարասիւնը Չորեքշաբթի, 8 Օգոստոսի առաւօտեան հասաւ Տարաա նահանգի Պուսրա աշ-Շամ մարդասիրական միջանցք:

Սալման թագաւորի անուան մարդասիրական կեդրոնին (KSRelief) կողմէ, Սուրիոյ Արաբական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան անմիջական հսկողութեամբ տրամադրուած օժանդակութիւնը պիտի հասնի Սուէյտա նահանգ եւ բաշխուի վերջին դէպքերէն տուժած ընտանիքներուն: