ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ  10 ՈՍԿԵԱՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Բոլոր ծնողները կ’երազեն ունենալ խելացի եւ յաջող զաւակներ:
Այդ երազի իրականացումը, սակայն, յաճախ խոչընդոտներու կը հանդիպի:
Ամերիկացի հոգեբան Վիքթոր Քլէյն կը համարէ, որ այդ երազի իրականացման գլխաւոր խոչընդոտը թերի դաստիարակութիւնն է:
Ուստի հոգեբանը կը ներկայացնէ լաւ դաստիարակութեան հետեւեալ տասը կանոնները.
1. Օգնեցէ՛ք մանուկին զարգացնելու միտքը։
Եթէ մանուկը տառաճանաչ է, անոր տրամադրեցէ՛ք հեքիաթներ ու գիրքեր: Եթէ փոքրիկը դեռ չի ճանչնար տառերը, դուք կարդացէ՛ք հետաքրքրական գիրքեր՝ իրեն ցոյց տալով տառերն ու գիրքի պատկերները:
2. Փոքրիկը պէտք է սորվի ինքզինք յարգել:
Փոքրիկին սորվեցուցէ՛ք ինքզինք յարգել։ Ասիկա չի նշանակեր որ ան եսասէր պիտի ըլլայ, սակայն եթէ փոքրիկը ինքզինք յարգել սորվի, կը յարգէ նաեւ շրջապատի մարդիկը եւ սխալ արարքներէ
կը խուսափի: Ան ամէն ինչի կը մօտենայ պատասխանատուութեամբ:
3. Փոքրիկին սորվեցուցէ՛ք յարաբերիլ շրջապատի մարդոց հետ:
Մանուկը ծնողներուն օրինակը տեսնելով կը սորվի: Եթէ կ’ուզէք, որ ձեր փոքրիկը յարաբերի իր շրջապատի մարդոց հետ,  դուք զարգացուցէ՛ք այդ յարաբերութիւնը: Ցոյց տուէ՛ք ձեր սէրը իրեն, բարդոյթներու գիրկը մի՛ նետէ՛ք զինք:
4. Թոյլ մի՛ տաք, որ փոքրիկը դառնայ պաստառի գերին:
Հոգեբանները կը տեղեկացնեն, որ նախադպրոցական տարիքի փոքրիկները շաբաթական միջին հաշուով 50 ժամ կ’անցընեն կապոյտ պաստառին դիմաց: Բժիշկներուն համաձայն, ատիկա արգելք կը հանդիսանայ զարգացման ուղեղի ձախ կիսագունդին, որ մանուկի խօսքին պատասխանատուն է:
5. Անոր սորվեցուցէ՛ք պատասխանատուութիւն կրել։ 
Ասիկա նոյնպէս պէտք է անձնական օրինակով ցոյց տալ: Փոքրիկը պէտք է հասկնայ, որ նախ եւ առաջ ինքն է իր արարքներու պատասխանատուն:
6. Սորվեցուցէ՛ք յարգել ընտանիքը:
7. Ստեղծեցէ՛ք լաւ միջավայր:
Ձեր շրջապատին մէջ պէտք է ըլլան յաջող եւ խելացի մարդիկ: Փոքրիկը անոնց օրինակով
կը մեծնայ: Նախքան փոքրիկին համար դպրոց ընտրելը ստուգեցէ՛ք, թէ ի՛նչ մթնոլորտ կը տիրէ այդ դպրոցին մէջ։
8. Պահանջկոտ եղէ՛ք:
Ճիշդ է, մանուկը հաւանաբար կը սկսի բողոքել ձեր պահանջկոտ ըլլալէն, բայց ձեր այդ վերաբերմունքին համար ան տարիներ վերջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ձեզի:
9. Ձեր զաւկին աշխատիլ սորվեցուցէ՛ք:
Ձեր զաւակը փոքր տարիքէն պէտք է իմանայ աշխատանքին արժէքը: Անոր աշխատիլ սորվեցուցէ՛ք: Խնդրեցէ՛ք, որ օգնէ ձեզի առօրեայ գործերուն մէջ:
10. Անոր փոխարէն ոչինչ ըրէ՛ք:
Ձեր զաւակը պէտք է սորվի իւրովի իրականացնել կարգ մը գործեր։ Հաւանաբար դժուար օրերուն դուք իր կողքը չըլլաք, այդ պարագային մտածեցէ՛ք, թէ  ի՛նչ պիտի ընէ առանձին:
Խոհագիր
ՁՄԵՐՈՒԿՈՎ ԵՒ ՊԱՆԻՐՈՎ ԱՂՑԱՆ
Բաղադրութիւն
-Կէս ձմերուկ
-1 Աւկատանձ (Աւոքա)
-4 կտոր պանիր
1 կիտրոնի հիւթ
1 սոխ
Ափ մը մաքրուած սեւ ձիթապտուղ
Ձիթաիւղ, մեղր, մանանեխ, մանրուած ընկոյզ, անանուխի տերեւներ
Պատրաստութիւն
Ձմերուկը կեղուել, խորանարդաձեւ կտրտել ու զետեղել մեծկակ ամանի մը մէջ։ Աւելցնել կտրտուած պանիրը, կտրտուած աւկատանձը եւ լուսնաձեւ կտրտուած սոխը։ Պատրաստել ձիթաիւղով, մէկ դգալ մեղրով, մէկ դգալ մանանեխով (մութարտ), մէկ կիտրոնի հիւթով եւ ափ մը մանրուած ընկոյզով խառնուած մածուկը եւ պարպել ձմերուկին ու պանիրին վրայ։ Աւելցնել անանուխի քանի մը տերեւ եւ մաքրուած ձիթապտուղը։
Բարի ախորժակ։