7-8 Oգոստոսին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ Փաշինեան երկկողմ հանդիպում կ’ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ջ. Թրամփի հետ՝ Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ եռակողմ հանդիպում՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Ջ. Թրամփի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան, բարօրութեան եւ տնտեսական գործակցութեան համար։
Alpha News-ը նիւթին մասին զրուցած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մամուլի խօսնակ Եղիսաբէթ Չուլճեանի հետ։
Անոր համաձայն, Ամերիկայի կառավարութիւնը յստակ պէտք է նշէ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ներառէ հայերուն վերադարձը Արցախ, գերիներու ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնը։