Որպէս «Գանձասար»-ի աշխատակիցներ, մեզ հետաքրքրեցին Հալէպի երաժշտական կեանքի ընթացքն ու զարգացումը։ Ուստի ճամբայ ելանք երաժշտական կեանքի արահետներով։
Սկսանք Ազիզիէ շրջանէն, ուր դաշնամուրի եւ ջութակի մեղեդիները մեզ առաջնորդեցին «Արամ Խաչատուրեան» երաժշտանոց։ Այնտեղ մեզ դիմաւորեցին Երաժշտանոցի տնօրէնուհի Պէթի Նագաշեան-Հաթէմը, Երաժշտական Յանձնախումբի ատենապետուհի Մատլէն Պալէոզեանը եւ աշակերտական լարային խմբակի ղեկավար Դաւիթ Մելքոնեանը:
Անոնք մեզի ծանօթացուցին երաժշտանոցին, որուն պատմութիւնը սկսած է 1992-ին, Խաչիկ Խաչատուրեանի ջանքերով, 58 աշակերտներով։ Հետագային աշակերտութեան թիւը հասած է 260-ի, իսկ ներկայիս՝ 168-ի։ Երաժշտանոցը 33 տարիներու ընթացքին դասաւանդած է տարբեր դասական գործիքներ եւ ձայնամարզութիւն։ Յատկանշական նկատեցինք վերջին տարիներուն սկիզբ առած օպոյի
դասաւանդութիւնը (փողային գործիք մը, որ ունի բարակ, մելոտիք, երբեմն ալ թախծոտ հնչերանգ)։
Երբ տնօրէնուհիին հետ երաժշտանոցի ալպոմը կը թերթատէինք, ծանօթացանք տարիներու ընթացքին երաժշտանոցի նուագախումբերուն, ինչպէս՝ կիթառի եւ աշակերտական նուագախումբին եւ անոնց ելոյթներուն։ Տնօրէնուհին յայտնեց, որ երաժշտանոցի մէջ յատուկ աշխատանք
կը տարուի հայկական մշակոյթի պահպանման համար։ Իւրաքանչիւր աշակերտ տարուան ընթացքին պարտաւոր է նուազագոյնը մէկ հայկական կտոր նուագել։

 

Գնահատելի է երաժշտանոցին ապագայի գծով տարած աշխատանքը։ Այնտեղ լաւագոյն աշակերտները կը պատրաստուին մաս կազմելու աշակերտական նուագախումբին, որմէ ետք մաս կը կազմեն երաժշտական յանձնախումբի «Կոմիտաս» նուագախումբին, ղեկավարութեամբ բժիշկ Սարգիս Իսկէնեանի, իսկ ուսուցիչները վերապատրաստման համար Հայաստան կը մեկնին, այնտեղ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն ներս երեք շաբթուան տեւողութեամբ դասընթացքի հետեւելով։
Մեր յաջորդ կանգառը եղաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը, հանդիպեցանք երկար տարիներու  հաշուապահ Նարդիկ Կիրակոսեան-Նագաշեանին, որուն հետ զրուցելով տեղեկացանք երաժշտանոցի երկար ու հարուստ պատմութեան։ «Բ.  Կանաչեան»-ը հիմնուած է 1986-ին: Հետաքրքրականը այն է, որ աշակերտութեան թիւը հասած է մինչեւ 350-ի։ Այս կառոյցէն ներս դասաւանդած են Հալէպէն, Հայաստանէն եւ արտասահմանէն տարբեր մասնագէտներ, փրոֆեսորներ։ Ներկայիս աշակերտութեան թիւն է՝ 90: Այս  երաժշտանոցը եւս բաւական ծաւալուն աշխատանք տարած է եւ տարիներու ընթացքին ունեցած է զանազան երաժշտական խումբեր, որոնցմէ կրնանք յիշել՝ «Մեղեդի» քանոններու խումբը, խմբավարութեամբ Մարինէ Գազանճեանի, Սենեկային խումբը՝ ղեկավարութեամբ Վիգէն Չալեանի, իսկ ամենանորը՝ աշակերտական ջութակներու լարային խմբակն է, խմբավարութեամբ Լուսիա Պանտաքի: Կ’արժէ յիշել, որ տարիներու ընթացքին կազմակերպուած են «Master Class»-ներ, օրինակ՝ Արմէն Ճէնտէրէճեանի յատուկ ջութակի «Master Class»-ը: «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի բոլոր աշակերտները հայ են, այնտեղ յատուկ աշխատանք կը տարուի հայկական մշակոյթի ազդեցութիւնը վառ պահելու եւ հայեցի մթնոլորտը պահպանելու համար: Ելոյթներ կը կազմակերպուին հայ մեծ երաժիշտներու (Կոմիտաս, Բ. Կանաչեան եւ այլն ) նուիրուած:
Մեր այցելութիւնները շարունակեցինք հասնելով Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան «Կոմիտաս»-ի անուան երաժշտանոցը, հիմնուած 1982-ին, որուն աշակերտութեան թիւը հասած է 160-ի, իսկ ներկայիս՝ 82 աշակերտ: Սուրճի մը շուրջ զրուցեցինք Գործադիր Մարմինի ներկայացուցիչ Լիւսի Տիշոյեանի հետ, ծանօթանալու  երաժշտանոցի աշխատանքին եւ հաճելի առօրեային: Մինչեւ Լիւսիի գրասենեակ հասնիլը, անցանք դասարաններուն քովէն, այդ պահուն կարծէք արուեստի փոքր աշխարհի մը մէջ կը շրջէինք, աջ կողմէն կը լսուէին դաշնամուրի մեղեդիներ, ձախ կողմէն՝ ֆլիւթի  եւ կիթառի երաժշտութիւն, իսկ՝ ամենահետաքրքրականը՝ սոլֆէժի դասարանն էր, ուր փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ կ’երգէին եւ ռիթմիկ վարժութիւններ կ’ընէին, ծափելով եւ ձայնանիշերու անուններ տալով: Լիւսին ըսաւ, որ սոլֆէժի պահերը աշակերտներուն նախասիրած պահերն են, որովհետեւ անոնք
կը ծանօթանան նոր ընկերներու եւ հաճելի ժամեր կ’անցընեն միասին: Ամավերջի ելոյթներուն կողքին, որպէս քաջալերանք, երաժշտանոցը
կը կազմակերպէ լաւագոյն աշակերտներու յատուկ համերգ, որ
կը զուգադիպի Մայրերու եւ Ուսուցչաց տօներուն, որպէս անոնց մատուցուած նուէր:
Երաժտանոցներու մէջ մեր շրջագայութիւնը փակեցինք Հայ Աւետարանական համայնքի «Արմիս» երաժշտանոց այցելելով։ Զայն հիմնած է Արմենակ Միսիրեանը, 2006 թուականին, տնօրինութեամբ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի։ Երաժշտանոցը ներկայիս ունի 30 աշակերտ:
Ծանօթացանք ներկայ տնօրէնուհիին՝ Թամար Սողոյեանին, որուն հետ զրուցեցինք երաժշտանոցի առօրեային շուրջ: Սողոյեան ըսաւ, որ այն փոքրիկները, որ երաժշտութեան կը հետեւին, աւելի հանդարտ կ’ըլլան, ապա աւելցնելով յայտնեց, որ երաժշտութիւնը միշտ ալ դարման եղած է փոքրիկներու հոգեկան աշխարհին, մանաւանդ՝ պատերազմի եւ երկրաշարժի օրերուն: Երաժշտանոցի յատուկ գործունէութիւններէն հաշուեց հետեւեալները՝ երաժշտանոցին կողմէ աշխատանք կը տարուի երաժշտական գիտելիք սերմանելու նաեւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ  վարժարանի աշակերտութեան մէջ, Ծաղիկ դասարանի փոքրիկներուն կը ներկայացուի նախնական երաժշտական դասընթացք, խաղերու եւ հաճելի վարժութիւններու միջոցաւ, պատրաստուելու համար ամավերջի հանդէսին։ Երաժշտանոցը նաեւ դպրոցի զանազան ձեռնարկներուն մասնակցութիւն կը բերէ:
Մեր այցելութեան աւարտին հետեւեալները արձանագրեցինք. այս երաժշտանոցներու աշակերտները, շրջանաւարտներն ու ուսուցիչները գաղութի համարեա՛ բոլոր ձեռնարկներու գեղարուեստական յայտագիրին կը մասնակցին։ Ձայնամարզութեան դասընթացքներուն շնորհիւ գաղութիս երգչախումբերը եւ էսդրատային թէ այլ նուագախումբերը հարստացած են մարզուած մենակատարներով։ Ոմանք հայկական վարժարաններու մէջ երգի ու երաժշտութեան ուսուցիչներ են արդէն։
Նկատեցինք նաեւ որ բոլոր երաժշտանոցները կը դիմագրաւեն նոյն դժուարութիւնները: Այլ խօսքով. բոլորն ալ կը տառապին գաղթի հետեւանքով մասնագէտ ուսուցիչներու թիւի նուազումէն, իսկ ծնողներ, նիւթական դժուարութեան հետեւանքով երբեմն կը դժուարանան տան մէջ իրենց զաւակներուն ապահովելու երաժշտական գործիքներ, ինչպէս՝ դաշնամուր, թաւ ջութակ եւ այլն: Այդուամենայնիւ,  երկրի այս դժուար պայմաններուն մէջ անգամ հայ երաժշտանոցներու գործունէութիւնը կրկնակի կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ դժուար պայմաններու մէջ
կը շարունակուի նոր սերունդներու գեղարուեստական ճաշակի մշակումը: Երաժշտութիւնը վերջապէս կ’ազնուացնէ անոնց հոգին ու կը զարգացնէ միտքն ու ընկալումը։
Այս զրոյցները աւարտելով մեր մտքին մէջ առաջարկ մը ծնաւ, զոր
կը յղենք երաժշտանոցներուն.
Կարելի չէ՞, մերթ ընդ մերթ կազմակերպել երաժշտանոցներու գործակցութեամբ գունեղ համերգ մը ու հրամցնել զայն հալէպահայ հանրութեան եւ ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կը զարգանայ երաժշտական կեանքը Հալէպի մէջ եւ գործակցաբար ի՞նչ հորիզոններ կարելի է նուաճել:
Հարցազրոյցը վարեցին՝
Կիթառ Աւընեան
Անի Պօղիկեան