ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄՆ  ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կը կոչուի նաեւ խաղողօրհնէքի տօն:
Ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը կը յիշատակէ այս տօնը ամէն տարի Օգոստոս ամսուան ամենամօտ կիրակին:
Այս տօնը՝ տօներուն մեծագոյնն է: Ս. Աստուածածնայ տօնին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ  Ս. Պատարագ կը մատուցուի:
Քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքէն ետք, հայերը Անահիտ դիցուհիին վերագրուող հաւատալիքներն ու աղօթքները կ’ուղղէին Ս. Աստուածամօր: Նաւասարդեան տօնակատարութիւնները Անահիտ դիցուհիին նուիրուած մեհեաններու մէջ կը կատարուէին, այդ մեհեանները ամբողջովին կը քանդուին եւ անոնց փոխարէն կը կառուցուին Ս. Աստուածամօր նուիրուած եկեղեցիներ: Մարդիկ ուխտի կ’երթային դէպի նոյն վայրերը, բայց ոչ թէ իբրեւ Անահիտի նուիրուած ուխտավայր, այլ՝ Աստուածամօր, կը տօնէին ոչ թէ Նաւասարդ, այլ՝ Ս. Կոյս Մարիամի, Աստուածածնայ Վերափոխման տօն:
Ս. Աստուածածինը  առանցքային տեղ ունի հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան եղած է մնայուն ներկայութիւն եւ աղբիւր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման:
Հայ ժողովուրդը յատուկ երկիւղածութեամբ մօտեցած է Ս. Աստուածածինին, անոր անունով եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր կառուցած է:
 Տօնի նախօրէին մարդիկ կը պատրաստուէին ուխտագնացութեան, կը շտկէին սեղաններ, կը բերէին պտուղներ եւ մատաղներ կը մատուցէին։
Մատաղները կ’օրհնուէին եւ աւանդական հարիսայի կաթսաները կը շարուէին ծառին տակ, ուխտաւորները կը պատրաստէին իրենց սեղանները, թմբուկը կը թնդար, զուռնան կը փչէր, շուրջպարը կը դառնար մինչեւ լոյս: Այս աւանդոյթը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, մեր եկեղեցիներու սրահներուն մէջ, իսկ Քեսապի պարագային Էսկիւրանի մէջ, գիշերուընէ մինչեւ առաւօտ երգ ու պարով, ուրախութեամբ կը պատրաստուի հարիսան։
Կիրակի առաւօտ՝ Պատարագին, սրբազան հայրը կ’օրհնէր հարիսան եւ կը բաժնուի ուխտաւորներուն:
 Հասունցած առաջին պտուղները եւ բերքը պէտք է ուխտավայրերուն մէջ օրհնուելէ ետք ճաշակել:
 Սրբազանը կամ քահանան կ’օրհնեն խաղողի առաջին ողկոյզները: Քահանաները կ’այցելեն խաղողի այգիները, մկրատով ողկոյզ մը կը կտրեն եւ դէպի երկինք, դէպի արեւ բարձրացնելով կ’ըսեն.
-Երկինքի լոյս մանուկներէն ցօղուած են մեր այս այգիին ողկոյզները: Հաց ու գինի, Տէ՛ր կենդանի, մեր այգիները միշտ դալար պիտի ըլլան, ողկոյզները՝ միշտ անսպառ։
Այս օրհնուած խաղողէն կը պատրաստեն անուշ գինին:
Աստուած օրհնած է մեր այգիները Նոյեան տապանով, Մովսէսի տապանակով,  Քրիստոսի Ս. Խաչով, Աստուածածնայ արցունքով եւ Լուսաւորիչի լոյս հաւատքով:
Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, Ս. Կոյս Մարիամ շուրջ տասնհինգ տարի ապրեցաւ Երուսաղէմի մէջ։ Վերափոխումէն երեսուն օր առաջ, Գաբրիէլ հրեշտակապետը ողջունեց զինք եւ տուաւ երկրէն երկինք փոխանցման աւետիսը.
-Մա՛յր սրբութեան եւ առագա՛ստ երանութեան, տաճա՛ր խնդութեան եւ քաղա՛ք թագաւորութեան, մարդկային ցեղի ճանապա՛րհ դէպի Քրիստոս, հասած է ժամանակը փոխանցուելու այս աշխարհէն առ Աստուած:
Ս. Կոյս Աստուածածին այս լուրը յայտնեց իր ազգականներուն, քրիստոնեաներուն եւ առաքեալներուն պատուիրեց, որ զինք թաղեն Գեթսեմանիի ձորակը, ետքը Յովաննէսէն խնդրեց մատուցել աստուածային պատարագ, որպէսզի հաղորդուի իր Միածին Որդւոյն մարմինով ու արեամբ։ Երբ Ս. Յովհաննէս առաքեալ կը մատուցէր գոհութեան աղօթքը՝ յանկարծ որոտում մը լսուեցաւ եւ Ս. Յովհաննէսին սկսան ձայնակցիլ սուրբ առաքեալները:
 Ըստ աւանդութեան, Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ առաւ կիպարիսի փայտ մը, անոր վրայ գծեց Ս. Տիրամօր պատկերը, որպէսզի անոր վերափոխումէն ետք այդ սրբութիւնը մնայ իրենց մօտ: Ապա առաքեալները խնդրեցին Ս. Տիրամայրէն, որ այդ փայտեղէն նկարը դնէ իր աստուածատիպ դէմքին վրայ, օրհնէ եւ խնդրէ Տիրոջմէ որ աշխարհին բարիքներ պարգեւէ:
Առաքեալները մեծ երկիւղով կատարեցին թաղումը Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ:
Ըստ աւանդութեան, Աստուածամօր ննջելու օրը լեռները, դաշտերն ու հովիտները զարդարուեցան բազմերանգ ծաղիկներով եւ թռչուններու երամները երգեցին իրենց քաղցրահունչ օրհնութիւնները:
Երեք օր շարունակ, գիշեր ու ցերեկ հրեշտակային երգեր լսուեցան  եւ տեսիլքներ երեւցան Ս. Կոյսի գերեզմանին շուրջ:
 Երբ Ս. Կոյս Մարիամ կը մահանար, Բարթողիմէոս առաքեալ ներկայ չէր եղած թաղման արարողութեան, կ’ուզէր վերջին անգամ տեսնել Յիսուսի մօր դէմքը։ Երբ կը բանան դագաղը
կը տեսնեն, որ ան պարապ էր: Անոնք կը հասկնան, որ Ս. Կոյսը երկինք փոխադրուած էր:
Յիսուս իր խոստումին համաձայն, յարութիւն տուած էր մօրը ու տարած իր մօտ:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան