Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջագիղէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը։ Տեղեկութիւնը կը յայտնէ ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։
Զրուցակիցները կարեւոր համարած են տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման քայլերը։
Փաշինեանն ու Էրտողանը շեշտած են կառուցողական մօտեցումներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման համար։
Կողմերը համաձայնած են շարունակել երկխօսութիւնը։