Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի հանդիպումը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
Նախքան այդ, թրքական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Հայաստանն ու Թուրքիան յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան Մարգարա-Ալիջան սահմանային անցակէտի գործունէութեան վերաբերեալ առաջին հանդիպումը:
Ըստ լրատուամիջոցներուն, այս նպատակով անցակէտի ճամբով Հայաստան պիտի այցելէ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը` յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի գլխաւորութեամբ:
Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, բանակցութիւններու ընթացքին կրնան որոշումներ տրուիլ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ պաշտօնատարները կրնան քննարկել նախապէս որդեգրուած որոշումներու իրականացման ընթացքը: