ՈՒՐԿէ՞ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ԵՆ
ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ
Կենցաղագիտութիւն կամ բարոյագիտութիւն բառը յառաջ եկած է ֆրանսական «էթիքէթ» բառէն, որ կը նշանակէ վարքի սահմանուած կարգ:
«Էթիքէթ» բառը առաջին անգամ գործածութեան մէջ դրուած է ֆրանսացի թագաւոր Լիւդովիկոս XIV-ի օրով՝ 17-րդ դարուն: Ան իր պալատական ճոխ ընդունելութիւններէն մէկուն ընթացքին հիւրերուն բաժնած է յատուկ քարտեր, որոնց վրայ արձանագրուած էր պահանջուած վարքի կամ կենցաղի կանոնները:
Ֆրանսական քարտ բառէն յառաջ եկած է «էթիքէթ»-ի միջազգային եզրոյթը, որ կը նշանակէ կարգ-կանոն, յղկուած շարժուձեւ, հասարակութեան մէջ ինքզինք դրսեւորելու կարողութիւն:
Ապրելակերպի՝ վարմունքի կանոնները անցած են պատմական զարգացման երկար փուլէ:
Դասական գրականութեան մէջ յաճախ հանդիպած ենք անոր, որպէս սովորութիւններու եւ կանոններու դրսեւորում:
Բարեկիրթ վարուելակերպի ու գեղեցիկ շարժուձեւին առնչուող հարցերը մարդկութիւնը հետաքրքրած են հին ժամանակներէն ի վեր: Հին չինական փիլիսոփայական ուղղութիւններէն մէկը կ’ըսէր, որ պէտք է ներդաշնակ յարաբերութիւններ ձեւաւորել մարդոց միջեւ եւ կարգաւորել անոնց վարքը, ինչպէս նաեւ սահմանել միապետին ու անոր հպատակներուն միջեւ յարաբերութիւններու ձեւերը, նաեւ վարքագիծի ձեւերը ընտանիքին մէջ:
Այս նիւթին անդրադարձած է յոյն փիլիսոփայ Արիստոտէլ ( ք.ա. 384-322 թթ.): Ան վարք ու բարքը բաժնած է երեք տեսակներու.
Առաջինը՝ կը ներառէ այն բոլոր կանոնները, որոնք կը վերաբերին մարդոց շփումներուն, իրարու հետ ծանօթանալու եւ բարեւելու ձեւերուն:
Երկրորդը՝ կարիքաւորներու օգնութեան հասնելու պատրաստակամութիւնն է, իսկ երրորդը՝ կ’արտացոլէ բոլոր այն օրէնքները, որոնք առնչուած են հիւրընկալութեան եւ սեղանի շուրջ նստելուն եւ շարժուձեւերուն:
Մարդկային հասարակութեան զարգացման ընթացքին վարուելակերպի կանոնները որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած են:
Բոլոր ժամանակաշրջաններու մշակութային առանձնայատկութիւնները իրենց կնիքը դրած են վարուելակերպի օրէնքներու ձեւաւորման եւ կիրառման վրայ, որուն արդիւնքով ալ շարք մը պետութիւններ առաջնորդուած են վարուելակերպի ուրոյն կանոններով:
Ներկայիս ալ գոյութիւն ունին որոշ կանոններ, որոնք խստօրէն կը պահպանուին որոշ երկիրներու մէջ:
Վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, հասարակական կեանքի բուռն զարգացման հետեւանքով, մշակուեցան ժամանակակից վարուելակերպի միջազգային կանոններ, որոնք պիտանի են բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներուն:
Բարոյական վարքագիծի կանոնները ձեւաւորուած եւ մշակուած են հասարակական արժէքներու կամ երեւոյթներու հիման վրայ, ինչպէս բարին եւ չարը, լաւն ու վատը, գովելին եւ անգովելին, պատիւն ու անպատուութիւնը եւ այլն: Բարոյական վաւերացուած կանոնները ընդհանուր առմամբ ամփոփուած են Աստուածաշնչային 10 պատուիրաններուն մէջ:
Այսպէս՝ մի՛ սպաներ, մի՛ շնար, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ ընէր, պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ եւ այլն: Բարոյական կանոնի խախտումը ոչ միայն հասարակական մեղադրանքի կ’արժանանայ, այլեւ
կը հասնի քրէական պատասխանատուութեան:
Վարուելակերպի ( յարաբերելու) կանոնները, հասարակութեան կողմէ սահմանուած կանոններ են, որոնք կը կարգաւորեն մարդկային յարաբերութիւններու վարքային դրսեւորումները: Հասարակական տարբեր վայրերու մէջ, պաշտօնական ձեռնարկներու ընթացքին, վարուելակերպի կանոնները ունին համաձայնուած բնոյթ իւրաքանչիւր երկրի մէջ։ Անոնք կը հիմնուին այն համաձայնութեան վրայ, թէ հասարակութեան մէջ վարքագիծի ո՞ր ձեւերը ընդունելի կը համարուին եւ ո՞ր ձեւերը՝ անընդունելի:
Ժամանակին վարուելակերպի կանոնները, ինչպէս՝ քաղաքավարութիւնը, օրինաւորութիւնը, զսպուածութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը (խօսելու կամ գործելու ընթացքին մարդոց տրամադրութիւնը ու հոգեբանական իւրայատկութիւնները նկատի առնելու, ըմբռնելու ընդունակութիւնը) հիմնուած էին բարոյական սկզբունքներու վրայ:
Կենցաղագիտական կանոններու հետեւիլը կը նպաստէ մարդոց հետ բարեկամական ու ներդաշնակ յարաբերութիւններու հաստատման, ինչպէս նաեւ կը պահպանէ մարդուն արժանապատուութիւնն ու շրջապատին հանդէպ յարգանքը, նոյնիսկ ամենաբարդ իրավիճակներու մէջ։ Վերջապէս ան է որ
կը բարձրացնէ մարդուն վարկն ու հեղինակութիւնը:
Հայ գրականութեան մէջ կենցաղագիտութեան նիւթերը յաճախ արտայայտուած են ոչ թէ որպէս առանձին գիտական ճիւղ, այլ որպէս գրական ստեղծագործութիւններու մաս՝ անդրադառնալով առօրեայ կեանքի, ընտանեկան յարաբերութիւններու, բարոյական արժէքներու եւ հասարակական վարքի հարցերուն։
– Յովհաննէս Թումանեան – իր պատմուածքներուն եւ բանաստեղծութիւններուն մէջ յաճախ պատկերած է գիւղական կենցաղը, ընտանեկան արժէքները եւ հասարակական բարքերը։
– Նար-Դոս – յայտնի է իր հոգեբանական արձակով, ուր մանրամասն կը նկարագրէ քաղաքային կենցաղը, միջին խաւի խնդիրները եւ բարոյական ընտրութիւնները։
– Ակսէլ Բակունց – իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը ներկայացնէ գիւղական կեանքի մանրամասնութիւնները, բնութեան եւ մարդու յարաբերութիւնները։
– Գրիգոր Զոհրապ – իր նորավէպերուն մէջ անդրադարձած է ընտանեկան յարաբերութիւններուն, բարոյական ըմբռնումներուն եւ հասարակական ճնշումներուն։
Գրողներու կողքին, սակայն, միութիւններու հովանաւորութեամբ հրատարակուած են կենցաղագիտութեան նուիրուած գիրքեր, ինչպէս՝ «Կենցաղագիտութիւն, Հանրային Գործունէութիւն եւ Քաղաքացիական Կրթութիւն», հեղինակ՝ Հրանդ Թորոսեան, հրատարակութիւն՝ ՀԲԸՄ-ի։