Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարած է, որ մօտ օրէն Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ իր եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հանդիպումը:

Անոր համաձայն, պիտի քննարկուի յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջ օրակարգը: «Պիտի խօսինք թէ՛ այն քայլերուն մասին, որոնք արդէն կատարուած են, թէ՛ ալ անոնց մասին, որոնք տակաւին ընթացքին մէջ են: Մեր վերջին հանդիպումէն ետք քննարկումներ եղան Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերականգնման համար անհրաժեշտ թեքնիք շրջագիծերու շուրջ», յայտնած է Ռուբինեան:
Ազգային Ժողովի փոխնախագահը աւելցնելով ըսած է, որ օրակարգի վրայ տեղ գտած է նաեւ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման նիւթը: «Սակայն գլխաւոր եւ համընդհանուր հարցը, բնականաբար, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումն է», ընդգծած է ան:

«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը փակ սահմանի բացման եւ հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին է, բնականաբար երկկողմանի քննարկումները ինքնին ասոր մասին են», ըսած է Ռուբինեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սերտար Քըլըչի հետ հանդիպումի ժամանակ սահմաններու բացման մասին պիտի խօսուի՞: