Հայաստանի Ազգային ժողովի (այսուհետեւ՝ ԱԺ) նախագահի տեղակալ ՌուբԷն ՌուբինԵան 9 Սեպտեմբերին հանդիպած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուահիտ Ճալալզատէի հետ:
«Բարեկամ Իրանի հետ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ կառուցուած երկկողմ յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին Հայաստանի համար: Իսկ փոխայցերը կ՛օգնեն աւելի ընդգրկուն դարձնելու երկկողմ օրակարգը՝ միաժամանակ շարունակելով աշխոյժ երկխօսութիւնն ու սերտ համագործակցութիւնը», «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Ռուբէն Ռուբինեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային վերջին զարգացումները:
Ուահիտ Ճալալզատէի խնդրանքով՝ Ռուբէն Ռուբինեան ներկայացուցած է մանրամասնութիւններ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ: