Ամերիկեան կողմին հետ յառաջիկային կը նախատեսուին քննարկումներ, ներառեալ՝ «Թրամփի ուղի»-ի կեանքի կոչման վերաբերող: Այս մասին «Ազատութիւն» կայանին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան:
Ըստ անոր, ամերիկացի գործընկերներու Երեւան այցելութեան ու քննարկումներուն մասին հետագային պիտի տեղեկացուի:
Մինչեւ օրս, տակաւին յստակ չեն «Թրամփի ուղի»-ի անունը ստացած ճամբուն մանրամասնութիւնները, աւելին՝ թէեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը անձամբ խօսած էր 99 տարիով ամերիկեան մասնակցութեան մասին, բայց եւ այնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը աւելի ուշ պնդեցին, թէ 99 տարուան համաձայնութիւն չկայ:
Վարչապետ Փաշինեան իր վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած էր, թէ Ուաշինկթընի մէջ ամրագրուած համաձայնութիւններու շուրջ թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ ատրպէյճանական կողմերուն հետ քննարկումները պիտի սկսին Սեպտեմբերին: