Օրերս Սուրիա այցելեց ռուսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ Սուրիոյ նախագահին, եւ թէ արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Տեղական լրատուամիջոցներու համաձայն, բանակցութիւնները կեդրոնացած էին մարդասիրական օգնութեան եւ Սուրիոյ ուժանիւթի ոլորտի բարելաւման հարցերու քննարկման վրայ, զուգահեռաբար  ռուս-արաբական գագաթաժողովին մասնակցութեան համար նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի Մոսկուա կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Ռուսիոյ փոխվարչապետը Նովաք փափաք յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահը մասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք ռուս-արաբական գագաթաժողովին։ Ժամեր անց, Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպանութիւնը յայտարարեց, որ այնպէս ինչպէս պարզուեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետի միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նախագահ Շարաա սուրիական պատուիրակութեամբ պիտի մասնակցի գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ  15 Հոկտեմբերին։
«Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, Նովաք Ռուսիոյ նախագահի գլխաւոր ներկայացուցիչը կը համարուի։ Ռուսական պատկերասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին ան նկատել տուաւ, որ Մոսկուա ի վիճակի է օգտագործելու Միջին Արեւելքի իր կապերու ցանցը՝ Սուրիոյ կառավարութեան օգնելու համար, յատկապէս նկատի ունենալով իր կապերը Իսրայէլի եւ Սուրիոյ  կարգ մը փոքրամասնութիւններու հետ, առաջարկելով օգտագործել այս գործօնը Սուրիոյ իրավիճակի կայունացման համար։
Բնականաբար Ռուսիա պիտի ջանայ պահպանել իր խարիսխները Լաթաքիոյ Հմէյմիմ կայանին ու Թարթուսի նաւահանգիստին մէջ, ինչպէս նաեւ իր ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ, փոխարէնը նպաստելով Սուրիոյ ուժանիւթի ոլորտի բարելաւման, յատկապէս քարիւղի արտահանման եւ զտման համար իր մասնագէտներն ու համապատասխան սարքերը ուղարկելով Սուրիա։  Սա դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Սուրիոյ տնտեսութեան վրայ, հետեւաբար ալ ազդակ հանդիսանալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու վերսկսման։
Սուրիա իր կարգին ունի պայմաններ, զորս արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանին յայտնեց Նովաքի հետ հանդիպման ընթացքին, դիտել տալով որ որեւէ օտար պետութեան Սուրիա ներկայութիւնը պիտի ծառայէ ժողովուրդի շահերուն եւ պիտի չխախտէ հաւասարակշռութեան սկզբունքը՝ այսինքն օտար ուժի դերը համապատասխան պիտի ըլլայ երկրի իշխանութեան հետ համաձայնութիւններուն։ Շայպանի բնականաբար նկատի ունէր Ռուսիոյ Սուրիոյ նախկին իշխանութիւններուն գլխաւոր դաշնակիցը ըլլալու հանգամանքը եւ կ’առաջարկէր նոր էջ բանալ Ռուսիա-Սուրիա յարաբերութիւններուն մէջ։
Փաստօրէն սուրիական իշխանութիւնները Ռուսիոյ հետ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու նոր էջ կը բանան, վարելով գործնական (փրակմաթիկ) քաղաքականութիւն, բոլոր կողմերուն հետ հաւասարակշռուած մօտեցում պահելու, երկիրը դուրս բերելու տնտեսական եւ ուժանիւթային տագնապներէ եւ ամրագրելու երկրի ու տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, յատկապէս սանձելու իսրայէլեան շարունակուող յարձակումները, որոնք վտանգի տակ կը պահեն ոչ միայն Սուրիան, այլեւ տարածաշրջանային այլ երկիրներ։
Նախագահ Շարաաի Մոսկուա այցելութեան պարագային, Ռուսիա-Սուրիա յարաբերութիւններուն մէջ նոր զարգացումներ կ’ակնկալուին։