ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԸՆԿՃԱԽՏԻՆ ԴԷՄ
1. Ընկճուածութիւնը յաղթահարելու կամք դրսեւորել։
Յաճախ մեզի համար աւելի դիւրին է ընկճուածութեան պատճառը փնտռել մեր մէջ, քան արտաքին ազդակներու մէջ, որպէսզի կարենանք ներքուստ փոխուիլ, բարելաւել մենք զմեզ։ «Ընկճուածութիւնը ժամանակաւոր է, ես կրնամ յանցաւորներ փնտռելու փոխարէն ինքզինքս նորոգել ու տրամադրութիւնս բարելաւող քայլերու դիմել», ըսենք եւ լուծումներու մասին մտածենք, փոխանակ աշխարհը կամ մեր միջավայրը այպանելու։
2. Զբաղիլ ինքնաբուժումով։
Ծանօթներու կողմէ առաջարկուող դեղերու ընդունումը առանց բժիշկի հետ խորհրդակցելու, կրնայ տրամադրութեան ժամանակաւոր բարելաւման նպաստել, սակայն երկար ժամանակի վրայ
կը բարդացնէ ձեր հարցերը։ Ուստի հոգեբանի դիմելը սխալ չէ նման պարագաներու։ Մասնագէտի կարծիքը օգտակար կրնայ ըլլալ միշտ։
3. Չանտեսել հարցը։
Երբեմն կը թուի, որ եթէ անտեսէք ճնշուածութեան առկայութիւնը, անիկա ինքնիրեն կ’անցնի։
Նման մօտեցում միայն իրավիճակի վատթարացման կրնայ առաջնորդել, ոչ մէկ ձեւով կ’օգնէ երկար ժամանակի վրայ։
4. Չյանձնուիլ։
Ճնշուածութիւնը՝ սթրէսը, իրականութեան մէջ կը յառաջանայ նաեւ արտաքին գործօններու պատճառով, զորս չենք կրնար կառավարել։
Այս հանգամանքը կրնայ մեզ յուսահատութեան կամ անճարութեան մատնել։ Ասիկա ամենավտանգաւոր բանն է մեր հոգեկան առողջութեան համար։
Կարեւոր է նկատել նոյնիսկ փոքր կէտեր, որոնք կը գտնուին մեր վերահսկողութեան տակ, ապա կենդրոնանալ անոնց վրայ։
5. Գոյատեւել՝ հիմնուելով բացառապէս կամքի ուժի վրայ։
Այո, երբեմն կարեւոր է կամքի ուժ ունենալ եւ յաղթահարել որեւէ բարդ կամ տհաճ իրավիճակ։
Սակայն, եթէ միայն այս մարտավարութեան վստահինք, կրնանք յոգնիլ, ապա նաեւ վնաս հասցնել ինչպէս մեր հոգեկան, այնպէս ալ ֆիզիքական առողջութեան։ Ուստի չվարանինք մասնագէտի օգնութեան դիմելէ ու մեր ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան նկատմամբ ուշադիր ըլլալէ։ Աւելին. զբաղինք մարզանքով, երաժշտութիւն ունկնդրելով, գիրք ընթերցելով եւ ընկերային աշխոյժ կեանք ապրելով։ Մեկուսացումը կը կրկնապատկէ ընկճուածութիւնը։
ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ
ԹՈՒԶԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Սեպտեմբերին հասունցող համեղ պտուղներէն մէկն է թուզը, որը հազարամեակներու պատմութիւն ունի: Անոր մասին բազմիցս յիշատակուած է նաեւ Աստուածաշունչին մէջ:
Բացի մեղրահամ ըլլալէ, թուզը նաեւ առողջարար է մարդու մարմինին համար, որովհետեւ՝
1. Իր պարունակած կալիոմին բերումով
կը կարգաւորէ արեան ճնշումը, ուստի անհրաժեշտ է սիրտի առողջութեան համար։
2. Կը պայքարի մաղձաճարպին (քոլեսթերոլ) դէմ, զայն դուրս հանելով մարմինէն։ Քանի որ թուզը կը նուազեցնէ ճարպաթթուներու քանակը եւ թոյլ չի տար, որ անոնք կուտակուին արեան երակներուն մէջ:
3. Կ’ամրացնէ ոսկրային հիւսուածքը իր պարունակած կրածինին (քալսիում) եւ ֆոսֆորին շնորհիւ։ Այսպիսով ան կը նպաստէ ոսկորի աճին։
4. Կը պայքարի արեան տկարութեան դէմ։ Այս պտուղը կը պարունակէ երկաթ, որ պատասխանատուն է թոքերէն թթուածինի մարմինի միւս հատուածներ փոխադրման: Երկաթի նուազումը կրնայ յանգեցնել արեան տկարութեան։ Այս պարագային թուզը օգնութեան կը հասնի եւ կը նպաստէ արեան կարմիր գնդիկներու յառաջացման։
5. Կը նպաստէ նիհարնալու։ Այս հիւթեղ պտուղը կը պարունակէ մեծաքանակ մանրաթելեր: Այս իմաստով ան կրնայ վնասակար քաղցրեղէնը փոխարինել եւ կուշտ պահել ստամոքսը երկար ժամանակ։