ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Անցեալ շաբթուան աւարտին, Հալէպի Ահլին գուժեց մահը ակումբի երկար տարիներու պասքեթի մարզիչ եւ նախագահ Պասէլ Համուիի՝ յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Համուի Ահլիի խումբին հետ 16 անգամ տիրացած է պասքեթի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ վարած է ակումբի նախագահի պաշտօնը: Դարձած է Սուրիոյ պատմութեան լաւագոյն մարզիչներէն մէկը: Ան մէկ տարի մարզած է ՀՄԸՄ-ի Հալէպի պասքեթի տղոց խումբը:
– Հոմսի Քարամէի պատասխանատուները մէկ տարուան պայմանագրութեամբ պասքեթի տղոց խումբին միացուցին Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Ապտուլ Ուահապ Համուին: Ան երկար տարիներ հեռու մնալէ ետք միացաւ իր հիմնական խումբին, որուն հետ սկիզբ առած է իր մարզական կեանքը: Համուի նախապէս մաս կազմած է Սուրիոյ Ճէյշ, Ահլի եւ Ուահտէ խումբերուն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ 5-0 
ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ԶԻՋԵՑԱՒ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԻՆ 
Շաբաթ օր Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտէն ներս տեղի ունեցաւ 2026 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան եւրոպական շրջանի որակաւորման փուլի F խմբակի առաջին շրջագայութեան Հայաստան-Փորթուկալ հանդիպումը, որ աւարտին հասաւ 5-0 արդիւնքով՝ ի նպաստ Փորթուկալի: Հանդիպումի առաջին վայրկեանէն իսկ փորթուկալցիները տիրապետեցին խաղարկութեան եւ 6-րդ վայրկեանին արդէն կրցան ցնցել Հայաստանի դարպասը Ժոաու Ֆելիշի միջոցաւ, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Ռոնալտո կրկնապատկեց արդիւնքը: 3-րդ կոլի հեղինակը դարձաւ Ժոաու Քանսելո։ Ռոնալտո եւ Ժոաու Ֆելիշ կրկին երկու կոլեր նշանակելով հանդիպումը իր աւարտին հասցուցին 5-0 արդիւնքով:
ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ 
ՌՈՆԱԼՏՈՅԻ ԵՒ ՀԱՅ ՓՈՔՐԻԿԻ ԴՐՈՒԱԳԻՆ
 ԱԱ-2026-ի Եւրոպայի որակաւորման փուլի F խմբակի առաջին փուլին Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտէն ներս տեղի ունեցաւ Հայասատան-Փորթուկալ հանդիպումէն ետք, համացանցի վրայ շատ արագ տարածուեցան հայ փոքրիկի եւ Քրիստիանո Ռոնալտոյի լուսանկարներն ու տեսանիւթերը, ուր վերջինս տղուն հետ միասին մուտք գործեց խաղադաշտ։ Այս դրուագը անարձագանգ չմնաց նաեւ Փորթուկալի ազգային հաւաքականի մամուլի ծառայութեան կողմէ։ Լուսանկարին կողքին գրուած է.  «Այո՛, իսկապէս նա է»: Նշենք, որ հայ փոքրիկը զմայլած էր Ռոնալտոյով, ինչպէս նաեւ մեծ ուրախութիւն ապրած այդ հանդիպումով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան