Ազգի մը, ժողովուրդի մը ինքնութեան խորհրդանիշը կապուած է անոր ծնունդին, գոյութեան, պատմութեան, բանահիւսութեան, գրականութեան, արուեստին ու մշակոյթին հետ։ Այդ խորհրդանիշը ջնջել, կը նշանակէ ջնջել այդ ժողովուրդի ինքնութեան դրոշմը, որ դարեր շարունակ անոր քովն ի վեր քալած է, միաձուլուած հոգեմտաւոր աշխարհին, գրականութեան, մշակոյթին, արուեստին ու բանահիւսութեան հետ։
Այս իրողութեան լոյսին տակ, հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ Արարատը ինքնութեան խորհրդանիշ է, որովհետեւ իր շուրջ ձեւաւորուած ազգի մը ծնունդը
կը խորհրդանշէ, անոր մշակոյթն ու հոգեմտաւոր արժէքները կը մարմնաւորէ։
Միջնադարեան պատմիչ Մովսէս Խորենացին Ծննդոցի ջրհեղեղի պատմութիւնը կապած է հայերու ծագման աւանդազրոյցին հետ, որուն հետեւանքով ալ Արարատի վրայ Նոյեան տապանի հանգրուանումը՝ Հայաստանը դարձուցած է բոլոր քաղաքակրթութիւններու սկզբնաղբիւրը։
Հայոց պետական խորհրդանիշերու ձեւաւորումը մեր ժողովուրդի մշակոյթի տարրերէն կազմուած է եւ ոչ թէ վտանգ է այլ երկիրներու համար, այլ՝ խաղաղութիւն խորհրդանշող ինքնութեան երանգ։
Ջնջել այս բոլորը, չընդունիլ զանոնք, կը նշանակէ ժողովուրդի մը ծագումը, մշակութային իւրայատկութիւնը եւ այդ իւրայատկութիւնը պահպանելու իրաւունքը չընդունիլ։
Արարատը հայ ժողովուրդի գոյութեան խորհրդանիշը դարձած է, ոչ թէ որեւէ իշխանութեան օրօք, այլ դարերու խորերէն իսկ։ Անիկա եղած է այն պորտակապը, որ աղերսուած ըլլալով հայկական լեռնաշխարհին ու Նոյեան տապանի աւանդազրոյցին հետ, որպէս անհաս փառքի ճամբայ ներշնչած է ոչ միայն գրողներն ու արուեստագէտները, այլեւ սովորական հայ մարդը, որ անոր սպիտակ կատարին վրայ տեսած է խաղաղութեան աղաւնին՝ ձիթենիի հաշտարար ճիւղը բերնին։
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ազատութիւնն ունի իր ծնունդին ու պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած ազգային խորհրդանիշերը ընտրելու ու զանոնք պահպանելու։ Ասիկա մշակութային ինքնուրոյնութեան ազատ արտայայտութեան դրսեւորում է, որ չի մտներ քաղաքական սակարկութիւններու մէջ։