Մեր լեզուն մեր ինքնութիւնն է, ուստի զայն անաղարտ պահելը էական համարելով՝ Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց հայոց լեզուի ուսուցման Եռօրեայ սեմինար։
Սեմինարը սկսաւ Հինգշաբթի,11 Սեպտեմբեր 2025-ին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի, Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան, Հալէպէն ժամանած Հայագիտական Հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեանի, Հայագիտական հիմնարկի դասախօս մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի, Համազգայինի Վարչութեան եւ վարժարաններու ուսուցչաց կազմին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Պօզոյեան-Կարապետեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ամփոփ զեկոյցով ներկայացուց սեմինարի նպատակը, ապա իր խօսքը փակեց Մուշեղ Իշխանի «հայ Լեզուն Տունն է Հայուն» բանաստեղծութեամբ։
Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, որ շեշտեց հայ լեզուի գործածութեան անհրաժեշտութիւնը Սփիւռքի մէջ՝ պահելու մեր ինքնութիւնը եւ կապը մեր մշակոյթին ու պատմութեան հետ։
Ապա խօսք առաւ հոգեշնորհ հայր սուրբը՝ գնահատելով Համազգայինի կազմակերպած սեմինարը, շեշտելով, որ առանց հայ դպրոցին եւ եկեղեցւոյ, կը կորսնցնենք մեր ազգային նկարագիրը։ Ուստի պէտք է մեծարենք հայ ուսուցիչը եւ բծախնդիր ըլլանք մեր լեզուին նկատմամբ։ Իր խօսքի աւարտին, հայր սուրբը յաջող ընթացք մաղթեց սեմինարին։
Սեմինարի ծրագիրը վարեց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս մեթր Մարիա Գաբրիէլեան։
Երեք օրերու ընթացքին դասախօսը առիթ ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկայացնել օգտաշատ ծրագիրը, շեշտելով ուսուցչութեան վսեմ առաքելութիւնը, զոր շատեր ապերախտ գործ կ’անուանեն, սակայն խորքին մէջ այդպէս չէ, այլ իրական պատկերն է այն ասացուածքին որ կ՚ըսէ «Ինչ կը ցանես, այն կը հնձես»։ Դասախօսը շեշտեց նաեւ ազգային արժէքներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը։
Ծրագիրը կ՚ըդգրկէր ուսուցիչի առաքելութեան, մայրենիի ուսուցիչի յատկանիշերուն, հայ լեզուի քերականութեան, ուղղագրութեան, խօսակցական եւ գրական լեզուի հարցերուն, ազգային արժէքներու համակարգի, դիւանային աշխատանքի, հայերէնի դասաւանդման մեթոտներուն, դասապատրաստութեան եղանակներուն, հայերէնի դասապահը սպասելի դարձնելու գաղտնիքներուն, ուսումնառութեան գործընթացին մէջ արհեստագիտութեան ազդեցութեան եւ պատիժի ու խրախուսանքի մասին դասախօսութիւններ, զրոյցներ, գրավարժութիւններ եւ առնչակից աշխատանքներ։
Սեմինարին մասնակցեցան ազգային վարժարաններու ուսուցչաց կազմը, Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՍԵՄ- ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԶՊՄ-եան պատանիներ։
Եռօրեայ սեմինարին մասնակցողները լիցքաւորուեցան դասախօսին հրամցուցած գիտելիքներով։
Նշենք, որ սեմինարը վարժարաններու վերամուտի սեմին դրական ազդեցութիւն ունեցաւ, իսկ Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւնը ծրագրի ծախսերը հոգալով ճիգ չխնայեց սատար հանդիսանալու սեմինարի յաջող ընթացքին։
Սեմինարը սփռուեցաւ Ռատիո Երազի կողմէ։
Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան