Տեղական
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ պասքեթի դաշնութեան անդամական գերագոյն ժողովը, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ պասքեթի նոր կոմիտէն, նախագահութեամբ Սուրիոյ հաւաքականի նախկին խաղացող Ռամի Իսայի: Կոմիտէին մաս կազմեցին նաեւ Հալէպէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Ճէսի Տէկիրմէնճի եւ Մուհամմետ Աշթար:
– Դամասկոսի Ուահտէ եւ Հոմսի Ֆիտա պասքեթի տղոց խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արաբական պասքեթի տղոց ախոյեանութեան մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Տուպայի մէջ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԱԼԽԱՍ ԱՄՈՅԵԱՆ  ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, ողոմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան եւ Եւրոպայի քառակի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ոսկի մետալակիր: Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրէպի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան 77 քկ. ծանրութեան կարգի եզրափակիչին, Մալխաս Ամոյեան մրցակից ունեցաւ  Ճափոնի ներկայացուցիչ, 2024 թուականի ողոմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր Նաո Քուզաքան եւ գերազանցեց զինք՝ 10 – 1 արդիւնքով: Մալխաս Ամոյեան Փարիզ-2024-ի պրոնզէ մետալակիր է, նաեւ Եւրոպայի ախոյեան՝ 2022, 2023, 2024, 2025 թուականներուն, իսկ աշխարհի առաջնութեան առաջին ոսկին նուաճած է 2021-ն:
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻԿ ՍԼԱՒԻԿ ԳԱԼՍՏԵԱՆ 
ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԻ
Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրէպի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան  աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի պրոնզէ մետալակիր Սլաւիկ Գալստեան 67 քկ. ծանրութեան կարգի սփոփիչ գոտեմարտին մրցեցաւ Աւստրալիան ներկայացնող ճափոնցի Ցուշիկա Շիմոյամատայի հետ եւ յաղթեց 6 – 4 հաշիւով: Սլաւիկ Գալստեան պրոնզէ մետալը կը վիճարկէ Խրխզիստանի ներկայացուցիչ, Ասիոյ փոխախոյեան Ռազզաք Պէյշէկիեւի հետ: Արմէն Բաբալարեանի գլխաւորած հաւաքականը մէկ ոսկի եւ մէկ պրոնզէ մետալ նուաճեց աշխարհի առաջնութեան մրցումներուն:
Ռաֆֆի Սիւլահեան