Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան եւ Լաթաքիոյ Զբօսաշրջութեան Տնօրէնութեան, Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ին, Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան մարզական առաջին համաշխարհային մարաթոնը։

Մրցումին մասնակցեցաւ քեսապահայ մարզիկ Յարութիւն Լնդեան։ Ընդհանուր 2500 մարզիկներուն մէջ ան գրաւեց 10-րդ դիրքը, իսկ տարիքային բաժանմունքի մէջ՝ առաջին դիրքը։

Առաջին տասը առաջնակարգ մարզիկները նախարարութեան կողմէ գնահատուեցան պարգեւով եւ մետալով։