26 Սեպտեմբերին, մայրաքաղաք Դամասկոսի սրտէն մեկնարկը կատարուեցաւ Դամասկոսի մարաթոն 2025-ի առաջին մրցավազքին, որուն մասնակցեցան նաև մասնագէտ մարաթոնային վազորդներ, ինչպէս նաև բազմաթիւ մարզիկներ։
Առաջին մրցավազքը 42 քմ էր, երկրորդը՝ 21, երրորդը՝ 10, իսկ չորրորդը՝ 5։ Վազքը սկսաւ մէկ կէտէ՝ Դամասկոսի հին ցուցահանդէսներու քաղաքէն, այնուհետեւ մարզիկները ուղղուեցան դեպի Ումայատ հրապարակ, ապա դէպի Վիքթորիա կամուրջ, այնտեղէն՝ Մերճէ հրապարակ եւ շրջեցան հին Դամասկոսի մէջ, ապա վերադարձան աւարտի գիծ՝ այգի։ Արարողութեան աւարտին առաջին դիրք գրաւողները պարգեւատրուեցան։
Մարաթոնը կազմակերպուած էր «Capital Company»-ին կողմէ, համագործակցութեամբ Զբօսաշրջութեան, Մարզանքի ու Երիտասարդութեան, Տեղեկատուութեան եւ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու նախարարութիւններուն, Սուրիական Արաբական Կարմիր Մահիկին և Դամասկոսի Միջազգային Պատանեկան Պալատին։
Նշենք, որ Հալէպէն մասնակցեցաւ Tuff Club վազորդներու խումբը, որուն մաս կը կազմեն հայ, քիւրտ, արաբ, իսլամ-քրիստոնեայ տարբեր բաղադրիչներէ մարզիկներ։
Tuff Club-ի անդամ Վահէ Քէպապճեան «Գանձասար»-ին ըսաւ, որ խումբը խանդավառ մասնակցութիւն ունեցաւ, մարաթոնը դրական մթնոլորտի մէջ համախմբեց մարզիկները եւ առողջ մդցակցութեան առիթ ստեղծեց։