Այս հինգ-վեց տարիները ակնթարթի մը պէս անցան։ Իւրաքանչիւր տարի իր անուշութեամբ գեղեցիկ յիշատակներ ձգեց։
 Ճեմարանը եղաւ երկրորդ տունս, իսկ ուսուցիչներն ու ընկերները՝ հարազատներս։
Քանի մը ամիսէն հրաժեշտ պիտի տանք ճեմարանին, իւրաքանչիւր շրջանաւարտ պիտի մեկնի իր երազներուն ետեւէն, որպէսզի կարենայ ապագան կերտել, բայց վստահ եմ, որ Ճեմարանը մեզ կրկին պիտի համախմբէ երբ շրջանաւարտ դառնանք։
Շա՜տ մեծ հպարտութիւն է ԱՔԵ Ճեմարանէն շրջանաւարտ դառնալը։ Փափաքս է աւարտելէ ետք որեւէ միջոցով օգտակար դառնալ Ճեմարանին, ըլլայ գեղարուեստական աշխատանքներով, կամ ինչու չէ՝ ուսուցչութեամբ։
Թէեւ չեմ նախընտրեր ապագայի մասին խօսիլ, բայց նպատակս է ըլլալ յաջող անձ ուսմանս եւ բոլոր աշխատանքներուս մէջ։
Շնորհակալ եմ Ճեմարանին, որ մեզի տուաւ հայեցի կրթութիւն, տուաւ քաղցրիկ յիշատակներ, որոնք պիտի մնան կեանքիս յուշատետրին մէջ։
Պիտի երգենք մենք միշտ փառքդ անվախճան,
Օտարութեան մրրիկներուն դէմ դաժան։
Սէրլի Մկրտիչեան