ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄ ԽԱՐԲԵՐԴ
Հայ ազգի մշակութային ինքնուրոյնութիւնը, բարբառները, իւրայատուկ կենցաղը, բարքերը, երգն ու պարը մասունքներ են, որոնք դարերէ ի վեր փոխանցուած են սերունդէ-սերունդ: Թէեւ շատ մը աւանդութիւններ կրնան ժամանակավրէպ թուիլ եւ չեն յարմարիր մեր այսօրուան կենցաղին, սակայն կարելի է վերամշակելով ու պատշաճեցնելով զանոնք ներմուծել մեր առօրեային մէջ։ Այսպիսով փրկած կ’ըլլանք մեր պապերէն մեզի ժառանգ ձգուած վաղեմի աւանդութիւնները։
Հայ ժողովուրդի հաւատքը, մշակոյթն ու լեզուն եղած են ու կը մնան անոր գոյութեան հզօր սիւները, սակայն յիշեալ արժէքները պահողը, ամրացնողն ու զանոնք իրարու կամրջողը կը մնան  սերունդէ-սերունդ փոխանցուող աւանդութիւնները : Առ այդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետը Սփիւռքի մէջ հայ մարդու գոյապայքարի հիմնակէտը նկատեց մեր անցեալի հարստութիւններուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը եւ  2025 տարին  հռչակեց «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»:
Ուստի, յաջորդաբար մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հայկական գաւառներու բարքերն ու սովորութիւնները, որպէսզի անոնք իրազեկ դառնան աւանդութիւններուն եւ հասկնան անոնց խորհուրդը։
Սկսինք Խարբերդ նահանգին ու անոր աւանդութիւններուն:
Հոս կարելի չէ չյիշել ծագումով խարբերդցի ամերիկահայ գրագէտ Վահէ Հայկի «Խարբերդ եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը» ծաւալուն հատորը, որուն մէջ ան մանրամասնօրէն անդրադարձած է Խարբերդի աշխարհագրական բնոյթին, բարբառին ու բարքերուն։
Խարբերդը Արեւմտեան Հայաստանի վեց հայաբնակ նահանգներէն մէկն էր: Ան ունէր երեք գաւառ՝ Խարբերդ, Տէրսիմ եւ Մալաթիա, որոնք իրենց կարգին բաժնուած էին գաւառակներու՝ Արաբկիր, Ակն, Բերդակ, Չմշկածագ, Մեծ Կերտ, Բերրի, Ծովք,  Մեզիրէ, Տէրսիմ, Չնգուշ եւ Բալու:
Խարբերդի մէջ կը գտնուէին բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններ, որոնցմէ շրջանաւարտ եղած են բազմահարիւր մտաւորականներ, գիտնականներ, ազգային գործիչներ եւ առեւտրականներ:
ՆՇԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Նշանախօսութիւնը ունէր իր յատուկ օրէնքները: Տեղի կ’ունենար աղջկան հօր տան մէջ, երկու կողմերու անմիջական ազգականներու եւ կնքահայրերու ներկայութեամբ։ Քահանան կ’օրհնէր նշանը։ Արժէքաւոր նուէրներ կը տրուէր հարսնցուին: Ներկաներու շնորհաւորութիւններն ու մաղթանքները կը յաջորդէին. «Աստուած խերլին ընէ», «Աստուած թագ ու պսակի արժանացնէ» եւ այլն։ Անկէ վերջ՝ մինչեւ ամուսնութիւն, տղան եւ աղջիկը զիրար չէին տեսներ։ Եթէ նշանախօսութիւն տեղի չունենար, ամուսնութենէ առաջ զոյգերը զիրար տեսնելու արտօնութիւն չունէին։
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Ընդհանրապէս աղջիկը նոյն գիւղէն կ’ըլլար։ Բացառիկ պարագաներու մէջ միայն կը դիմէին դրացի գիւղերուն։ Աղջիկն ու տղան չէին, որ պիտի որոշէին իրենց բախտը, այլ երկու ծնողները։
Տղուն ծնողքը երբ յարմար հարսնցուի մը վրայ աչք դնէր, ընտանիքի մեծերը՝ մեծ հայր, հայր, հօրեղբայր, կնքահայր կը դիմէին աղջկան ծնողքին եւ խօսքկապ կ’ընէին, այսինքն կը համաձայնէին երկուստեք եւ նշանախօսութեան կամ ամուսնութեան թուական կը ճշդէին։
Ասոր կը յաջորդէր Աջխընտեսը (աղջիկտես)։ Փեսացուին անմիջական պարագաները՝ կիներ միայն, աղջկան հօր տունը այցի կ’երթային նուէրներով‘ անոր տանտիկին դառնալու յատկանիշները չափելու։
ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ՆԱԽՕՐԵՐՈՒՆ
Հարսանիքի նախօրեակին շաբաթներով հարսանեկան պատրաստութիւն կը տեսնուէր։ Աղջկան կողմը հարսնցուին համար օժիտ կը պատրաստէր, որ հարսը սնտուկով հետը տանէր։
 Աղջկան ծնողքին կարողութեան համեմատ կ’ըլլար օժիտի քանակը, առ հասարակ քանի մը ձեռք հագուստեղէն, կօշիկ, սփռոց, ձեռագործ, եւայլն։
Դրամական ակնկալութիւն չկար եւ Խարբերդի հասարակութիւնը դէմ էր պոլսական այն սովորութեան՝ որ աղջկան փեսայ գտնելու համար ըստ որուն դրամական խոստումներ կ’ըլլային։ Տղան արժանապատուութեան վիրաւորանք կը զգար դրամ ստանալուն համար, իսկ աղջիկը ծանրօրէն վիրաւորուած՝ դրամով ծախուած ըլլալու նկատումով։
Հարսանիքի նախօրէին հարսնցուին տարեկից աղջիկներ եւ կիներ հաւաքուելով հինայով
կը ներկէին հարսնցուին ափերը, մատները եւ ոտքերուն մատերը։
Կիրակի օր տղուն կողմէ խումբ մը հարսնեւորներ տաւուլ զուռնայով հալաւը (հարսանեկան զգեստներ) կը տանէին հարսին տունը։ Հոն Տէրտէր Ամուն կ’օրհնէր հալաւը:
Հարսանիքը տեղի կ’ունենար Երկուշաբթի օր:
Հարսնցուին պատրաստութեան պահուն սրտառուչ երգեր կ’երգուէին։ Մասնաւոր արարողութեամբ հարսանեկան հագուստները կը հագցուէին, գլուխը կը կապէին՝ վրան ալ թանձր քօղ կը ձգէին։
(Շար. 1)
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան