Քանի մը ամիսէն արդէն պիտի աւարտեմ Ճեմարանը, պիտի աւարտեմ այս գեղեցիկ եւ կենարար դպրոցը։
Սիրահարուելու աստիճան սիրեցի Ճեմարանը, սիրեցի ուսուցիչները, որոնք այնքան քաջալերեցին մեզ։
Մանաւանդ սիրեցի Ճեմարանը այն պատճառով, որ անկումի պահերուդ թեւ ու թիկունք կը դառնայ եւ քեզ կը յիշեցնէ, որ ինք հետդ է, հետեւաբար պէտք չէ յանձնուիլ։
Կ՚երազեմ լաւ նիշերով աւարտել Ճեմարանը, որպէսզի դպրոցիս անունը բարձր պահեմ, իսկ ես միշտ հպարտ ըլլամ Ճեմարանովս։
Կ՚երազեմ օգնել եկող սերունդներուն, այնպէս ինչպէս Ճեմարանը օգնեց ինծի։
Կ՛երազեմ որպէս երախտագիտական արտայայտութիւն նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնել Ճեմարանին։
Կ՚երազեմ ուսուցիչ դառնալ Ճեմարանէն ներս։
Այնպէս ինչպէս Ճեմարանը մօր պէս հոգ տարաւ ինծի ես ալ պիտի փոխադարձեմ այդ հոգատարութիւնը։
Ճեմարանս, կեանքս, տունս եւ դպրոցս, առաջին անգամ երբ քեզ տեսայ արդէն սիրեցի քեզ եւ հիացայ քեզմով։ Երբեք պիտի չմոռնամ քեզ։ Աշխարհի վրայ ինչքան ալ գեղեցիկ դպրոցներ ըլլան, ինծի համար Ճեմարանէն գեղեցիկը չկայ, որովհետեւ Ճեմարանը կեանք ու ապագայ տուաւ ինծի։ Վստահ եմ, որ Ճեմարանն ալ պիտի չմոռնայ զիս եւ պիտի շարունակէ սերունդներու պատրաստութեան իր առաքելութիւնը։
Օսան Քապալան
ՍԻՐԱԾ ԴՊՐՈՑՍ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆՍ ԲԱՆԱԼԻՆ․․․ՃԵՄԱՐԱՆՍ
Նախքան Ճեմարան յաճախելը դպրոցը չէի սիրեր, սակայն Ճեմարանի աշակերտ ըլլալէս ետք շատ բան փոխուեցաւ․․․Ճեմարանի մէջ ուժ մը կար, որ մղեց զիս սիրելու դպրոցը։ Քանի մը ամիս ետք շրջանաւարտ պիտի դառնամ, այս մէկը կը նեղացնէ զիս, որովհետեւ մտովին կ՚ուզեմ ժամանակը ետ դառնայ եւ ես վերստին ապրիմ հաճելի ապրումներ։ Այստեղ շատ գեղեցիկ օրեր, ամիսներ, տարիներ ապրեցայ, ընկերուհիներուս հետ անմոռանալի յիշատակներ պահեցի։
Իմ նախասիրած պահերը հայերէնի եւ գիտութեան պահերը եղան։ Այս պահերուն ուրախ կ՛ըլլայի, մանաւանդ 10-րդ կարգին տիկին Թելլոյին գիտութեան պահերուն․․․Հազար ափսոս, որ կորսնցուցինք զինք, ինչքան կ՛ուզէի, որ պաքալորիային ալ ինք դասաւանդեր մեզի։
Ճեմարանը չի նմանիր ուրիշ դպրոցներու, Ճեմարանը նաեւ տաքու տուն է եւ ոչ միայն դպրոց․․․
Երազս է բարձր նիշերով աւարտեմ Ճեմարանը եւ իմ աշխատանքներով Ճեմարանի անունը վառ պահեմ։
Շրջանաւարտ դառնալէ ետք կ՚ուզեմ Ճեմարանին նիւթապէս եւ աշխատանքով օգտակար դառնալ, տակաւին չեմ գիտեր ինչ պիտի ըլլայ այդ աշխատանքը, սակայն անպայման պիտի մտածեմ անոր մասին։
Շատ ուրախ եմ, որ այսպիսի ուրախութիւն եւ յոյս ներշնչող դպրոցի մը աշակերտը եղայ։
Կը սիրեմ եւ պիտի սիրեմ Ճեմարանը։
Հպարտ եմ ճեմարանական ըլլալուս համար։
Վեհան Քապալան