ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՍԱՄՊՈՅԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ 8 ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ
3-էն 6 Հոկտեմբերին, Ինտոնezիոյ Պոքոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Սամպոյի պատանիներու եւ երիտասարդներու առաջնու-թիւնը: Հայ մարզիկները հայրենիք վերադարձան նուաճելով ութ տարբեր մետալներ՝ մէկ ոսկի, երկու արծաթ եւ հինգ պրոնզ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մետալակիրները.
Պատանիներ
Նարեկ Սիմոնեան -58քկ.- պրոնզ,
Կոր Շատվերեան -71 քկ.- պրոնզ։
Երիտասարդներ
/մարզական սամպո/
Ռոպէրթ Սիմոնեան -58 քկ.- ոսկի,
Մհեր Օհանեան -71քկ.- պրոնզ,
Սէյրան Սարուխանեան – 88 քկ.- արծաթ։
Երիտասարդներ
/մարտական սամպո/
Տիգրան Գրիգորեան -58 քկ.- պրոնզ,
Վատիս Համբարձումեան -71 քկ.- պրոնզ,
Արմէն Սաֆարեան -79 քկ.- արծաթ։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԿՐԿԻՆ ՁԵՌՔ ՁԳԵՑ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԸ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի արքայական խումբ Ռէալ Մատրիտ անցեալ շաբթուան արձանագրած ձախող արդիւնքէն ետք, կրցաւ կրկին յաղթանակ մը արձանագրել եւ վերադառնալ աղիւսակի առաջին դիրք: Խումբը ախոյեանութեան 8-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծէն ներս, Սանթիակո Պերնապէի մարզահամալիրէն ներս 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիլառէալը։ Թէեւ Ռէալ տիրապետած էր խաղարկութեան, բայց հանդիպումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 հաւասար արդիւնքով, որմէ ետք երկրորդ կիսուն, խումբը սկսաւ յարձակողական խաղարկութեամբ եւ կրցաւ 47-րդ վայրկեանին Վինիսիոս Ժունիըրի միջոցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք նոյն խաղացողը տուգանային հարուածով կրկնապատկեց արդիւնքը: Ռէալի երրորդ կոլին հեղինակը դարձաւ ֆրանսացի Քիլիան Մպափէն: Աւելցնենք, որ 77-րդ վայրկեանին, Վիլառէալի խումբէն Սանտի Կմեսանեան կարմիր քարտով հեռացաւ դաշտէն:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՑ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 8-րդ փուլին, մրցումներու նախորդ տարուան ախոյեան Պարսելոնան հիւրը դարձաւ աղիւսակի 11-րդ դիրքը գրաւող Սեւիլիային: Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ 4-1 արդիւնքով, ի նպաստ Սեւիլիայի: Հիւրընկալ խումբի կոլերու հեղինակները դարձան չիլիցի յարձակող Ալեքսիս Սանչեսը, սպանացի յարձակող Իսաակ Ռոմերոն, սպանացի պաշտպան Խոսէ Անխէլ Կարմոնան եւ նիճերիացի յարձակող Ակոր Ատամսը, իսկ Պարսելոնայի միակ կոլը նշանակեց անգլիացի խաղացող Մարկոս Ռաշֆըրտ, որ առաջին կոլը արձանագրեց Լա Լիկայի մրցումներուն:
Ռաֆֆի Սիւլահեան