13 Հոկտեմբերին, Եգիպտոսի Շարմ աշ-Շէյխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղութեան գագաթաժողովը, որուն նախագահեցին Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները, եւ որուն մասնակցեցան պետութիւններու եւ շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններու աւելի քան 31 ղեկավարներ:
նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ աս-Սիսի, Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ աթ-Թանին, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Կազզայի հատուածին մէջ զինադադարի վերջնական հաստատման շուրջ համաձայնագիր մը ստորագրեցին։
«Երեք հազար տարի պահանջուեցաւ այս օրուան հասնելու համար, կը պատկերացնէ՞ք, այս համաձայնագիրը կը գործէ արդէն», ընդգծեց Թրամփ՝ փաստաթուղթը ստորագրելէ ետք։
ԱՄՆ նախագահը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս համաձայնագիրի ստորագրութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատուեցաւ։ «Միլիոնաւոր մարդոց աղօթքները վերջապէս տեղ հասան: Միասին մենք անկարելիին հասանք»:
Անոր համաձայն, ներկայիս երրորդ համաշխարհային պատերազմ տեղի պիտի չունենայ: Թրամփ Կազցայի խաղաղութեան համաձայնագիրը անուանեց «ամենամեծը եւ ամենաբարդը»:
Ստորագրման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւ։ Թրամփ ակնարկելով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին եւ Թրափի ուղիին ըսաւ. «Այս երկու երկիրները 32 տարի պատերազմեցան, հիմա բարեկամ են այլեւս, չէ՞»:
Սպիտակ տունը հրապարակեց շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման տարածման երաշխաւորման փաստաթուղթը, որ կը նշէ, թէ զայն ստորագրող երկիրները կ՛ողջունեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հովանիին տակ ձեռք բերուած խաղաղութեան համաձայնագիրի բոլոր կողմերուն կողմէ իրական, պատմական յանձնառութիւնը եւ իրականացումը, որ վերջ դրած է երկու տարիէ աւելի տեւած խոր տառապանքներուն ու կորուստներուն, եւ շրջանին համար յոյսի, անվտանգութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճման ընդհանուր տեսլականի նոր էջ կը բանայ: