ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԽՏՐՈՒԹԻՒՆ
Զաւակներու միջեւ խտրութիւնը լուռ, բայց խոր արմատներ ունեցող ընկերային խնդիր մըն է: Ան ընտանիքներու մէջ շատ աւելի տարածուած է, քան սովորաբար ինչ որ կը կարծուի։ Թէեւ շատ ծնողներ կը փորձեն իրենց զաւակները նոյն չափով սիրել եւ վերաբերիլ անոնց հետ հաւասարութիւն պահպանելով, սակայն իրականութեան մէջ բազմաթիւ ծնողներ անգիտակցաբար կամ գիտակցաբար մէկ զաւակին նկատմամբ աւելի մեծ ուշադրութիւն կամ սէր կը ցուցաբերեն: Այս երեւոյթը կրնայ ունենալ երկարաժամկէտ հետեւանքներ թէ՛ զաւակներու հոգեբանական կեանքին, թէ՛ ամբողջ ընտանիքի ներքին կեանքին վրայ։
Ինչպէ՞ս եւ ինչու՞ կը յառաջանայ խտրութիւնը
Խտրութիւնը ծնողներու կողմէ միշտ ալ դիտաւորեալ չ’ըլլար։ Շատ յաճախ ան կը ձեւաւորուի անգիտակցաբար՝ հետեւեալ պատճառներով.
1. Զաւակներու բնաւորութիւններու տարբերութիւն
Ծնողքը աւելի հեշտ կը կապուի այն զաւակին հետ, որուն հետ աւելի համահունչ է իր մտածելակերպը կամ վարքագիծը։ Օրինակ՝ աւելի հանգիստ եւ կարգապահ զաւակը կրնայ աւելի սիրուած թուիլ, քան աւելի աշխոյժ եւ կամակոր զաւակը։
2. Սեռային կամ մշակութային նախապաշարումներ
Կարգ մը շրջանակներու մէջ աւանդոյթներ կան, որոնք աւելի շատ կ’արժեւորեն տղայ զաւակը կամ ընդհակառակը՝ աղջիկ զաւակը։ Այս նախապաշարումները կը փոխանցուին անգիտակցաբար եւ կը ստեղծեն անհաւասար մթնոլորտ։
3. Տնտեսական եւ առողջական պայմաններ
Երբեմն ծնողներու ուշադրութիւնը աւելի կը կեդրոնանայ այն զաւակին վրայ, որ ունի առողջական կամ ուսման յատուկ կարիքներ, ինչ որ կրնայ ուրիշ զաւակներուն մէջ ստեղծել անտեսուած ըլլալու զգացում։
4. Ծնողներու սպասելիքները
Ծնողները երբեմն աւելի կը հպարտանան այն զաւակով, որ յաջողութիւններ ունի ուսման, մարզական կամ արուեստի բնագաւառներուն մէջ։ Արդիւնքը այն է, որ միւս զաւակները իրենք զիրենք արժէքազրկուած կը զգան:
Խտրութեան հետեւանքները զաւակներուն վրայ
Խտրութիւնը միայն ընտանիքի մէջ անհաւասար վերաբերմունք չէ։
Զաւակներու միջեւ խտրական վերաբերմունքի ժխտական ազդեցութիւնը մանկութեան շրջանին վերջ չի գտներ։ Այն իր հետքը կը ձգէ անոնց ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Երբ մանուկը տարիներ շարունակ կը տեսնէ, որ իրեն ծնողները քիչ ուշադրութիւն կը դարձնեն կամ միշտ
կը համեմատեն միւսին հետ, անոր մէջ կը խորանայ անարդարութեան զգացումը։ Այդ զգացումը յետագային կը դառնայ մարդոց հանդէպ անվստահութեան եւ վախի զգացումներու։
Այն մանուկը, որ տան մէջ կ’անտեսուի, յաճախ կա՛մ կը փակուի ինքն իր մէջ, կա՛մ հակառակը կ’ունենայ չափազանց մրցակցային բնաւորութիւն։ Այս բոլորը կ’արտացոլայ անոր անձնական յարաբերութիւններուն՝ ամուսնութեան, ծնող դառնալու կամ աշխատանքի միջավայրին մէջ։ Ապացուցուած է, որ այսպիսի մարդիկ յաճախ մեծ կարիք ունին ուշադրութեան կամ ընդհանրապէս կը խուսափին մտերմութենէ:
Խտրութիւնը՝ որպէս մրցակցութեան աղբիւր
Բոլոր մանուկները իրար նման չեն: Սակայն երբ ծնողները տարբեր վերաբերմունք կը ցուցաբերեն զաւակներուն հանդէպ, պատճառ կը դառնան, որ մրցակցութիւն ստեղծուի անոնց միջեւ։ Քոյրերն ու եղբայրները, որոնք պէտք է իրար աջակցող ըլլան, կը վերածուին «հակառակորդներու»։ Այս ոչ միայն կը քայքայէ անոնց մանկութեան տարիներու կապը, այլ նաեւ հասուն տարիքին երկարատեւ լարուածութիւն կը պատճառէ։
Այս մրցակցութիւնը կ’արտայայտուի տարբեր ձեւերով՝
1-Զաւակին ձեռքբերումները մշտապէս կը համեմատուին միւսին հետ:
2- Մանուկները կը սկսին ապացուցել իրենց արժէքը ոչ թէ իրենց հնարաւորութիւնները, այլ ծնողներու սիրոյ համար պայքարելով:
3- Զաւակը իրեն «աւելի լաւ» կամ «աւելի վատ» զգալով, կը խեղաթիւրուի ինքնագնահատականը:
Խտրութեան զգալի հետքերը ապագային վրայ
Ընտանիքը իւրաքանչիւր հասարակութեան ամէնէն փոքր, բայց ամէնէն ազդեցիկ միաւորն է։ Այնտեղ է, որ մարդ կը սորվի սիրել, յարգել, վստահիլ եւ հոն կը ձեւաւորուին անոր կեանքի արժէքներու հիմքերը։ Սակայն երբ ծնողքը՝ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, սկսի խտրութիւն դնելով վերաբերիլ զաւակներուն հետ, կը ծնին լուրջ խնդիրներ, որոնք կրնան երկարատեւ հետեւանքներ ունենալ։ Այս տարբերութիւնը շատ արագ կը զգան զաւակները եւ անոր հետեւանքով կը զարգանան նախանձի, վիրաւորանքի կամ անարդարութեան զգացումները։
Խտրութիւն դնել զաւակներու միջեւ՝ կը խանգարէ ընտանիքի ներդաշնակութիւնը, զաւակները կը սկսին հիասթափուիլ ծնողէն ու կը կորսնցնեն վստահութիւնը իրենց ինքնարժէքի նկատմամբ:
Սիրելի՛ ծնողք,
Սերմանենք անոնց նկատմամբ համակրանք եւ արդար վերաբերմունք, որպէսզի մեր զաւակները գնահատուած ու սիրուած զգան՝ անկախ ընտանիքին մէջ իրենց գրաւած դիրքէն:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան