ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 28 Հոկտեմբերին ընդունած է «Յանուն Հաւասար Իրաւունքներու» կրթական կեդրոն ՀԿ-ի եւ «Պարսելոնայի Միջազգային Յարաբերութիւններու Կեդրոն»-ի (CIDOB) կողմէն կազմակերպուած՝ լրագրողներու եւ փորձագէտներու Հայաստան այցելութեան մասնակիցները:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները:
Անդրադարձ կատարուած է 8 Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հետեւանքով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւններուն՝ Հարաւային Կովկասի եւ աւելի լայն տարածաշրջանի կայունութեան, զարգացման համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած Խաղաղութեան համաձայնագիրի եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարեւորութեան։
Նախարար Միրզոյեան մասնակիցներուն ներկայացուցած է հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի տեսլականը, որ արտացոլուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին մէջ եւ որուն կարեւոր բաղադրիչն է «Թրամփի ուղին»:
Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան խորացման աննախադէպ աշխուժութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն, Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան նոր օրակարգի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնումին, տնտեսական, մարդոց միջեւ կապերու ամրապնդման եւ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման ուղղութիւններով։