ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Մարզանքի եւ Երիտասարդութեան Նախարարութեան կազմակերպած պասքեթի ախոյեանութեան Հալէպի խմբակի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խում-բը խաղցաւ չորս մըր-ցում, արձանագրելով երեք պարտութիւն եւ մէկ յաղթանակ: Առա-ջին օրը ՀՄԸՄ-ի կազմը պարտութեան մատ-նուեցաւ Նաուաիրէն՝ 53-75 արդիւնքով, որմէ ետք 97-80 արդիւնքով Ճալաաէն եւ  86-51 արդիւնքով Ահլիէն: ՀՄԸՄ միակ յաղթանակը արձանագրեց  Հուրիէի խաղին՝ 71-79 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ 
Սպանիոյ ախոյեանութեան 10-րդ փուլի մրցումներու ծիրին մէջ, մայրաքաղաքի արքայական ակումբ Ռէալ Մատրիտը յաջողեցաւ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել մրցակից Պարսելոնան: Մատրիտի  Սանթիակո Պերնապէ մարզադաշտին վրայ յստակ էր Ռէալի յաղթանակ արձանագրելու ձգտումը։ Խումբը առաջին վայրկեանէն հանդիպումը սկսաւ յարձակողական ոճով: 22-րդ վայրկեանին Մպափէ բացաւ հանդիպման հաշիւը՝ օգտագործելով անգլիացի կիսապաշտպան Ճուտ Պելինկհամի փոխանցումը։ 38-րդ վայրկեանին, սպանացի կիսապաշտպան Ֆերմին Լոփես նշանակեց Պարսելոնայի  հաւասարութեան կոլը։ Նախքան դադարը, պրազիլցի  պաշտպան Էտէր Միլիթաուի փոխանցումով Պելինկհամ կրկնապատկեց արդիւնքը՝ ի նպաստ Մատրիտի: Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը, Ռէալ կրնար աւելցնել կոլերուն թիւը, սակայն ֆրանսացի խաղացող Քիլիան Մպափէ չյաջողեցաւ տուգանային հարուածը յաջողութեամբ կատարել, իսկ իրաւարարը երկու անգամ չեղեալ համարեց Ռէալի կոլերը՝ օֆսայթի պատճառով: Շնորհիւ այս արդիւնքին, Ռէալ Մատրիտ 27 կէտով առանձնացաւ աղիւսակի առաջին դիրքին վրայ, իսկ Պարսելոնա 22 կէտով մնաց երկրորդ դիրքի վրայ:
ԱՐՍԵՆԱԼ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ
Անգլիոյ ախոյեանութեան 9-րդ փուլի մրցումներուն, աղիւսակի առաջին դիրքը գրաւող Արսենալը շարունակելով իր յաղթական արդիւնքները 1-0 արդիւնքով  պարտութ-եան մատնեց Քրիսթալ Փալասը: 39-րդ վայրկեանին, Էպերէչի նշանակեց Արսենալի միակ կոլը: Երկրորդ կիսա-խաղին, Քրիսթալ Փալասի խաղացողները զանազան առիթներով փորձեցին նշանակել հաւասարութեան կոլը, բայց անոնց աշխատանքը ապարդիւն անցաւ: Նոյն փուլի մրցումներուն, Մանչեսթըր Սիթի անակնկալ արդիւնքով մը պարտութեան մատնուեցաւ Ասթոն Վիլլայէն՝ 1-0 արդիւնքով: 19-րդ վայրկեանին, Մաթի Քաշ նշանակեց Ասթոն Վիլլայի միակ կոլը եւ կրցաւ արդիւնքը պահել մինչեւ աւարտ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան