Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եղբայրն ու եղբօրորդին ձերբակալուած են: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով յայտնած է փաստաբան Արա Զոհրաբեան:
«Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքին մէջ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան թեկնածու Յարութիւն Մկրտչեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է, որով յայտնած է, որ 1 Նոյեմբերին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եղբայրը՝ Գէորգ Ներսիսեան, իր որդիներուն հետ, իբրեւ թէ, խոչընդոտած է նախընտրական քարոզչութիւնը»։
Զոհրաբեան յայտնած է, որ նման բան չէ եղած։
Քննչական մարմինը 68-ամեայ Գէորգ Ներսիսեանը եւ որդին՝ Համբարձում Ներսիսեանը կալանաւորելու որոշում առած է:
Զոհրաբեան նաեւ տեսանիւթ մը հրապարակած եւ գրած է, թէ իրականութեան մէջ չկայ նոյնիսկ յանցագործութեան նմանող դէպք: