Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի յայտնեց, որ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Ուաշինկթըն պիտի այցելէ ընթացիկ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին:

Նախարարը «Մանամայի երկխօսութիւն, 2025» հաւաքի ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Շարաա Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Սպիտակ տուն պիտի այցելէ, ուր տեղի ունենալիք խորհրդակցութիւններու օրակարգին մաս պիտի կազմէ նաեւ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքները։

Նախարարը շեշտեց, որ պատժամիջոցներու շարունակման որեւէ արդարացում չկայ, հաստատելով, որ Սուրիան կը ձգտի աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ մշակել։

Յիշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի Ուաշինկթըն այցելութիւնը առաջինը պիտի ըլլայ 1946-էն, Սուրիոյ անկախութենէն ի վեր: