Գերմանական Lufthansa Group-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Սուրիոյ Քաղաքացիական թռիչքներու եւ օդային փոխադրութեան գլխաւոր վարչութեան գրասենեակ եւ հանդիպեցաւ գրասենեակի ղեկավար Օմար ալ-Հոսարիի, անոր օգնականներ Ապտուլ Պարի ալ-Սաճիի եւ Ամճատ Նախալի հետ։ Կողմերը քննարկեցին Սուրիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ թռիչքներու վերսկսման հարցը, ինչպէս նաեւ օդային փոխադրութեան եւ թեքնիք ծառայութիւններու ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ամրապանդման միջոցները։

Կողմերը ընդգծեցին նաեւ Սուրիոյ քաղաքացիական թռիչքներու ոլորտի զարգացման եւ եւրոպական ընկերութիւններու հետ գործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։

Ալ-Հոսարի X Today հարթակին վրայ իր գրառումով պարզեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Դամասկոսի միջազգային օդակայանի տեքնիք եւ ապահովական վիճակը, նշելով, որ քննարկումները արդիւնաւէտ եղած են Սուրիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու վերագործարկման իմաստով, ինչպէս նաեւ օդային փոխադրութեան, թեքնիք եւ գործառնական ծառայութիւններու ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ընդլայնման առումով։

Ալ-Հոսարի աւելցնելով ըսաւ. «Ասիկա արտաքին աշխարհին բացուելու եւ միջազգային թռիչքներու քարտէզին վրայ Սուրիոյ ներկայութիւնը ամրապնդելու կարեւոր քայլ մըն է»։