Սէրը յուսախաբ էր։
Տարիներ առաջ հեռացած էր միակողմանի տոմսով՝ առանց յետադարձ նշումի։ Գացած էր այն օրը, երբ հրաւիրուած էր պսակի մը՝ դեռ վստահ,  թէ  մարդիկ տակաւին կը հաւաքուէին անկեղծութեամբ ոչ  շահախնդրութեամբ։  Բայց երբ հասած էր՝ շքեղ սրահին մէջ միայն թիւեր ու գումարներ կը խօսէին։
Ցուցամոլութիւնը վերնագիր դարձած էր, իսկ փայլուն լոյսերուն տակ ոչ թէ միացեալ սրտեր, այլ հաշիւներ կը շողային։
Այդ օրուընէ ետք, Սէրը լքած էր քաղաքը՝ առանց բացատրութեան։ Գացած էր լռութեան մէջ, հաւատալով, որ թերեւս իր բացակայութեամբ աշխարհը կը զգար, թէ ինչ կորսնցուցած էր։ Բայց ոչ ոք նկատած էր բացը։
Տարիներ ետք՝ նոր հրաւէր, նոր պսակ։ Շատ ստիպեցին, ինք երկար մերժեց, բայց ի վերջոյ չկրցաւ չերթալ։
-Թերեւս այս անգամ տարբեր ըլլայ,- մտածեց,- թերեւս մարդիկ փոխուած են…:
Ճամբայ ելաւ՝ առանց վստահ ըլլալու թէ իրօք կը փափաքի՞ երթալ, թէ՞ ուղղակի պատճառ մըն էր փնտռած՝ վերադառնալու։
Հեռուէն ձայն մը լսեց.
– Ու՞ր կը շտապես այդպէս, Սէ՛ր։
Ձայնը ծանօթ էր։ Սէրը կանգ առաւ, ժպտեցաւ.
– Հաւա՛տք… դո՞ւն ես։ Աստուա՛ծ իմ, ո՞վ ըսած էր, թէ մահացած ես։
Հաւատքը մօտեցաւ. աչքերուն մէջ յոգնած լոյս մը կար։
– Չէի մահացած, ուղղակի հեռացած էի։ Այդ օրերուն հրաւիրուած էի մեծ առիթի մը՝ «Հաւատալ Կեանքին» անունով։ Մտածած էի թէ վերջապէս մարդիկ կը փափաքին յուսալ։ Բայց երբ հասայ՝ դուռը փակ էր։ Ըսին՝ «Բաւական է, մենք աւելի իրատես դարձանք»։ Հեռացայ առանց նեղանալու։ Կը կարծէի՝ վստահ ժամանակ մը կ’անցնի ու կարօտն իրենց մէջ կ’արթննայ։ Բայց ոչ ոք կանչեց։ Իսկ հիմա նոր հրաւէր մը ստացայ։ Վերջին անգամ պիտի փորձեմ։ Եթէ դուռը կրկին փակ ըլլայ՝ այլեւս
չեմ վերադառնար։
Սէրը գլխով նշան տուաւ։
– Եկուր միասին երթանք։ Թերեւս այս անգամ բաց ըլլայ ոչ թէ դուռը, այլ մէկուն հոգին։
Քալեցին միասին։ Շուտով դիմացէն կերպար մը մօտեցաւ՝ դանդաղ, յենած գաւազանին։ Ձեռքին մաշած տետրակ մը կը պահէր, իբրեւ վկայութիւն։
Հաւատքը առաջինը ճանչցաւ.
– Խղճմտա՛նք… դո՞ւն ես։
Ծերունին ժպտեցաւ՝ տրտում ժպիտով։
– Այո՛, ես եմ։ Տարիներ առաջ դատարանի մը մէջ ատեան կը վարէի։ Մտածած էի՝ մարդիկ տակաւին կը փնտռեն ճշմարտութիւնը։ Բայց օր մը դատի մը հասայ՝ պատանիի մը համար, որ ի զուր մեղադրուած էր, որովհետեւ ճշմարտութիւնը խօսելու համարձակութիւն չէր ունեցած:
Կը կարծէի՝ պիտի խօսիմ անոր կողմէն։
Բայց մինչեւ հասնիմ, արդէն վճիռը տրուած էր։
Այդ օրը դուրս ելայ՝ առանց խօսքի։
Տետրակը բացաւ՝ էջերուն վրայ փոշին նստած։
– Այդ ատեն մտածեցի՝ իմ տեղս այլեւս չկայ։ Բայց հիմա հրաւէր մը ստացայ՝ «Արդարութեան Համաժողով» անունով։ Կը կարծեմ վերջին անգամն է։ Թերեւս հոն կրկին կարենամ ձայնս տալ։
Սէրը ժպտեցաւ։
– Զարմանալի է, բոլորիս ալ վերջին անգամն են խոստացած։ Թերեւս նոյն ճամբան կը տանի մեզ։
Հաւատքը համաձայնեցաւ։
– Մենք՝ մոռցուածներս, կարծես նոյն հրաւէրին պատասխանողներ ենք։ Կը կանչեն մեզ ոչ թէ փոխուելու, այլ՝ յիշեցնելու համար։
Քալեցին երեքն ալ։ Անոնց ստուերները երկարեցան՝ միաձուլուելով քարեղէն ճամբուն վրայ։
Հեռուէն լոյս մը կը մօտենար՝ մեղմ, յարատեւ։
– Եւ չորրորդը պիտի գայ,- ըսաւ Հաւատքը,- առանց անոր, վերադարձը անաւարտ է։
Լոյսին մէջէն ձայն մը շշնջաց.
– Ձեզ առանց ինծի տեսնելը կարծես մեղք մըն է, չէ՞։
Երեքն ալ ժպտեցան։
– Բարեւ, Ներողամտութիւ՛ն,- ըսաւ Սէրը։
Ներողամտութիւնը մօտեցաւ։
– Տարիներ առաջ ինծի ալ հրաւիրեցին վերականգնողական կեդրոն մը։ Բանտէն նոր ելած աղջիկ մը պիտի սկսէր կեանքը վերագտնել։ Մտածած էի՝ հարկաւ պէտք ունին ինծի։ Բայց երբ հասայ, ըսին՝ «Ներումը կը խանգարէ բուժման ընթացքը։ Թող պատիժը խօսի»։ Եւ ես հեռացայ։ Այդ օրուընէ ի վեր ոչ ոք կանչեց՝ մինչեւ հիմա։ Նոր հրաւէր եկաւ՝ «Ներելու Արհեստանոց»-է մը։ Ըսի՝ լաւ, վերջին անգամ կը փորձեմ։
Խղճմտանքը ձեռքը բարձրացուց:
– Գիտէ՞ք, վերջերս լսած եմ՝ մարդիկ փոխուած են։ Կ’ըսեն՝ այժմ աւելի ճշգրիտ են, աւելի «կարգաւոր»։ Կարծես մեքենաներ դարձած են։
Հաւատքը գլուխը շարժեց։
– Կը պատմեն, թէ հիմա սրտերը մետաղէ պատեաններու մէջ են, որպէսզի չվնասուին։ Բայց այդպէս պաշտպանուելով անոնք ալ այլեւս չեն զգար։ Կը յիշէ՞ք այն ժամանակները, երբ մեր անունները իշխած էին մարդոց սրտերուն։ Երբ Սէրը կը խօսէր առանց ամչնալու, Խղճմտանքը՝ առանց վախնալու, Հաւատքը՝ առանց ապացոյց փնտռելու։
Սէրը ժպտեցաւ կարօտով։
– Կը յիշեմ։ Երբեմն կը փափաքիմ վերադառնալ ոչ թէ տօնի մը, այլ մարդոց ներսը։ Բայց դռները ներսէն փակ են։ Պէտք է փորձենք բանալ, հարկ է պարտադրել, որ մեզ ընդունին։
Ներողամտութիւնը պատասխանեց.
– Պարտադրութեամբ տեղ մը չենք հասնիր, Սէ՛ր։ Երբ
կը պարտադրենք, կը դառնանք այն, ինչին դէմ ելած էինք։ Մարդ ինք պիտի բացուի։ Մենք միայն կրնանք սպասել՝ պատրաստ ըլլալու այն վայրկեանին, երբ մարդու հոգին յոգնած կը դառնայ ու կը փափաքի մեզ վերագտնել։
Խղճմտանքը տետրակը փակեց։
– Ահա՛, մենք բոլորս ալ տարբեր ճանապարհներով, բայց նոյն վտարումով եկած ենք։ Սէրը՝ սրտերէն, Հաւատքը՝ հոգիներէն, ես՝ արդարութենէն, իսկ դուն՝ մարդոց միտքերէն։
Հաւատքը նայեցաւ երեքին։
– Թերեւս այս հանդիպումը պատահական չէ։ Ճամբան հրաւէր չէ դէպի տեղ մը, այլ դէպի յիշողութիւն մը։
Ներողամտութիւնը ժպտեցաւ՝ առաջին անգամ անկեղծ ժպիտով։
– Եթէ իսկապէս վերադարձ կայ, թող ըլլայ ոչ դէպի անցեալը, այլ դէպի մարդու հոգին։
Եւ չորսն ալ վերադարձան միասին, ոչ դէպի անցեալ, այլ՝ դէպի իրականութիւն։
Սարգիս Քէլ Խաչերեան