ՍԱՍՈՒՆ
Սասունը  հայկական գաւառ մըն է, որ  կը գտնուի Տուրուբերան նահանգին մէջ՝ Վանի եւ Տիգրանակերտի միջեւ, այսօրուան Թուրքիոյ հարաւային հատուածին մէջ։
Պատմական յիշատակութիւններ
Սասունը հին ժամանակներուն մաս կը կազմէր Մեծ Հայքի տասը նահանգներէն մէկուն՝ Տուրուբերանին։
Միջնադարուն Սասունը բազմիցս դարաւոր պայքար մղած է օտար տիրապետութիւններու՝ բիւզանդական, արաբական եւ հետագային՝ օսմանեան իշխանութիւններուն դէմ:
19-րդ դարավերջին Սասունը դարձաւ հայ ազատագրական շարժումի կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ Սասնայ ապստամբութիւնները (1894, 1904) եղան հայ ժողովուրդի դիմադրական ոգիին վառ դրսեւորումներէն։
 Սասունցիները դարեր շարունակ պահած են իրենց  աւանդութիւններն ու կենցաղային սովորութիւնները։
Ընտանեկան Կեանք եւ Սովորութիւններ
Սասունցիներու հաւաքական կեանքի կեդրոնը եղած է ընտանիքը։ Տունը կը ղեկավարէր ընտանիքի մեծահասակ տղամարդը՝ մալխոն: Ընդհանապէս  որդիները շատ ուշ
կը բաժնուէին  իրենց ծնողներէն: Այդ պատճառով  ընտանիքի անդամներու թիւը կը հասնէր մինչեւ 60-70 անդամներու:
Հարսանիքներն ու մկրտութիւնները մեծ տօներ կը նկատուէին.  հարսանիքը կը տեւէր երեքէն մինչեւ հինգ օր՝ երգով եւ պարով։
Հողի եւ Աշխատանքի Պաշտամունք
 Հողը սրբութիւն էր սասունցիին համար: Գարնան առաջին օրը գիւղացիները կը կատարէին «հողի օրհնութիւն»՝ աղօթք կ’ընէին, որ Աստուած պտղաբեր տարի շնորհէ։ Անոնք հիմնականօրէն կը զբաղէին  հողագործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ մեղուաբուծութեամբ։
Հաւատք եւ Սրբավայրեր
Սասունցին հաւատացեալ էր, բայց կը շարունակէր պահպանել հին ժողովրդական հաւատալիքներ։ Սասունը  նշանաւոր էր  հինգ  սուրբ սարերով՝ Մարաթուկի սարը , ուր կը գնուէր Աստուածածնայ վանքը, Անդոկի՝ Անտոն ճգնաւորի մատուռը, Կիփինի՝ Կարմիր ճակատ Սուրբ Յակոբ, Ծովասարի՝ Ս.Աստուածածինը եւ Սեւ Սարի՝ Ս.Աղբիւրիկը, ուր ուխտագնացութիւններ
կը կազմակերպուէին Համբարձման, Վարդեվառի եւ Խաչի տօներու առթիւ:
Սասունցիները կը պաշտէին նաեւ ջուրը: Բազմաթիւ գետերու, աղբիւրներու եւ լիճերու հետ կապուած աւանդութիւններ կային, ինչպէս՝ «Պայթող Աղբիւր», «Օձաղբիւր», «Կաթնաղբիւր» եւ այլն…: Անոնք աղբիւրներուն մատաղ կը բերէին, հաց կը թխէին եւ ուխտաւորներուն կը բաժնէին: Ինչպէս հողը, այդպէս ալ ջուրը երդման առարկայ էր: «Հըյդը հողն ու Ճուրը» ըսողին կարելի չէր չհաւատալ, որովհետեւ ոչ ոք հողն ու ջուրը սուտ երդման առարկայ կը դարձնէր:
Ազատատենչ Աւանդութիւններ
Սասունցին իր լեռներուն նման անսասան էր, չէր խոնարհիր ո՛չ բռնութեան, ո՛չ անիրաւութեան առջեւ։
Սասունը նաեւ եղած է համազգային ինքնապաշտպանութեան կարեւոր կեդրոն մը՝ մանաւանդ Օսմանեան բռնապետութեան տարիներուն։ Տեղական գիւղացիները կազմակերպուած էին զինուած խմբերով՝ պաշտպանելու համար իրենց տուներն ու եկեղեցիները։ Այս դիմադրութիւնները դարձան հայ ազատամարտական շարժման հիմքը՝ ներշնչելով ապագայ սերունդներուն։
Տօները
Ամանոր
Սասունցին նոր տարին կը նշէր մեծ ուրախութեամբ։ Կը պատրաստէր թարմ հացեր, կը մորթէր ոչխար, կը բաժնէր հարեւաններուն, եւ տունը կը զարդարէր կանաչ ճիւղերով։ Տարեմուտին մարդիկ կ’ըսէին. «Թող տարին լեցուն ըլլայ հացով, խաղողով ու խաղաղութեամբ»։
Վարդավառ (Ջրախաղ)
Սասունի մէջ Վարդավառը ամէնէն սիրուած տօնն էր։ Ամէն տարի ամռան, երիտասարդներն ու երեխաները  ջուրով կը ցօղէին մէկզմէկուն՝ զուարճանալով ու երգելով։ Կը հաւատային, թէ ջուր ցօղելը բարիք ու մաքրութիւն կը բերէ։ Այդ օրը նաեւ կը վառէին կրակ լեռներու գագաթներուն վրայ՝ ի նշան լոյսի ու յաղթանակի։
Սասունցիներու երգն ու պարը եւ խաղերը:
Սասնայ նշանաւոր պարերէն կարելի է յիշել «Եարխուշտա»-ն,«Սասունի», «Սասունցի Կարապետ», «Քոչարի», «Բարեւ»-ի պարը,  «Տաշ»-ը, «Խմորակ»-ը, «Սարա»-ն եւ այլն…
Երգն ու պարը անբաժան մասնիկներն էին ամէն խնճոյքի: Առանց զուռնայի եւ տհոլի տօն չկար։
Սասունցիները խաղեր ալ ունէին ինչպէս ձիավարութիւն (երբ տղաքը կը փորձէին, թէ ով աւելի արագ կը վազէ կամ ով աւելի հեռու կը թռնէ ձին), սուրով խաղեր, բռնցքամարտ, բարշիթով նշան խփել, գնդակախաղ եւ այլն….
Սասնայ առածներ:
-Հաւաքըմ կդալով, ցրւըմ շերեփով:
-Տհոլի ձեն հեռուէն անուշ կգայ:
-Լսէ մեձին, քեզ չձեձին:
-Կուղը-կուղից կողցաւ, Աստուած դեսաւ զարմացաւ:
 Սասունցիներուն աւանդութիւնները ոչ միայն մշակութային ժառանգութիւն են, այլ նաեւ ապացոյց այն բանին, որ այս լեռնային ժողովուրդը կրցած է իր ինքնութիւնը պահել բազում դարերու փորձութիւններուն դէմ։
 Օգտագործուած աղբիւր՝ «Սասուն» Վարդան Պետոյեան
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան