«Հորիզոն».-1 Յունիսին ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան Քանատայի Ազատական Կուսակցութեան պատգամաւոր Թերի Պիչի հրաւէրով մասնակցած է վերջինիս նորաբաց գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած «Բարեկամներու եւ աջակիցներու հաւաքին», ուր ներկայ էր նաեւ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոն:
Հաւաքին Տէր Յակոբեան զրոյց ունեցած է վարչապետ Թրուտոյին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստան կատարած այցելութեան, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման համար անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար: ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին ներկայացուցիչը անդրադարձած է նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հարցին:
Տէր Յակոբեան հրաւիրած է Թրուտոն յառաջիկայ ընտրութիւններու ժամանակ այցելելու Վանքուվըրի, Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի հայ կեդրոններ: