Տնտեսագէտ Թադէոս Աւետիսեան Sputnik-ի հետ իր զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ ներդրումները աշխատատեղիներու ստեղծման հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին եւ շրջակայ միջավայրին պաշտպանութեան պէտք չէ հակադրուին: Երբ հակադրուին` տնտեսական,  ընկերային եւ բնութեան պահպանութեան ոլորտներէն ներս հարցեր կ’ունենանք:

Անոր համաձայն, աշխարհը այս հարցին լուծումը ունի․ կանաչ տնտեսութիւնները կը զարգանան, բայց անոր զուգահեռ զարգացած երկիրները հանքարդիւնաբերութիւնը իրենց տարածքներուն մէջ չեն արգիլեր:

Հայաստանը, ըստ Աւետիսեանի` պէտք է խելամիտ քաղաքականութիւն վարէ, հաշուի առնելով շրջակայ միջավայրին պաշտպանութիւնը: Հանքի շահագործումը խորքային ուսումնասիրութիւններու եւ միջազգային ընդունուած չափանիշերու հիման վրայ պէտք է ըլլայ, որպէսզի անդառնալի հետեւանքներ չունենայ շրջակայ միջավայրին եւ մարդու առողջութեան վրայ:

Թադէոս Աւետիսեան ըսած է. «Բացի անկէ, հանքարդիւնաբերութիւն` չի նշանակեր հանքերու յօշոտում, մինչեւ վերջ շահագործում: Պէտք չէ  սերունդ մը ամբողջութեամբ օգտագործէ հանքերը` գալիք սերունդներուն ոչինչ թողլով․ պէտք է ոլորտը կարգաւորող ձեւեր որդեգրուին»:

Տնտեսագէտը կը նշէ, որ հանքարդիւնաբերութիւնը մեր երկրին զարգացման հիմնական ուղղութիւններէն է, եւ ընդունելի չէ կառավարութեան այն մօտեցումը, որ մէկ անգամէն 180 աստիճան շրջադարձ կատարելով կ’ըսէ, որ Համախառն Ներքին Արդիւնքի հիմնական բաժինը կազմող հանքարդիւնաբերութունը պէտք է վերանայ եւ նոր կառուցուածքային փոփոխութիւն կատարուի այս ոլորտէն ներս:

Աւետիսեան վստահ է, որ այս ոլորտէն ներս կտրուկ փորձերը կրնան եւ՛ ընկերային կեանքին վնաս հասցնել, եւ՛ երկրի ներդրումային վարկանիշին վնասել: