«Արցախփրէս».- 4 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնագրին համաձայն, ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը հրադադարի ռեժիմի ծրագրով Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ Մարտունիի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ դիտարկում  կը կատարէ: 

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի դիրքերէն դիտարկում իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից  Մարտին Շուստերը (Գերմանիա):


Շփման գիծին հակառակ կողմէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անժէյ Քասպրչիկը, անոր դաշտային օգնական Օգնէն Եովիչը (Պոսնիա եւ Հերսեքովինա) եւ անձնական օգնական Սայմըն Թիլերը (Մեծն Բրիտանիա):

Դիտարկումը անցած է  նախատեսուած ժամանակացոյցին համաձայն, սակայն ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ բերած իր առաջապահ դիրքերէն:

Դիտարկման առաքելութեան ընթացքին արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչները: