«Փանորամա.am».-2 Յունիսին ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցած է առաջին առցանց դրամահաւաքը, որ Ջաւախքին նուիրուած է:

javakhkmedia-ն կը գրէ. «Դրամահաւաքը եզակի էր ոչ միայն այն պատճառով, որ առաջին անգամ  տեղի կ’ունենար Ջաւախքի համար, այլ նաեւ, որ ան առաջին դրամահաւաքն էր, որ համացանցի միջոցով կ’իրականացուէր առանց մեծ հայկական պատկերասթիւռայիին ընկերութիւններու ներգրաւումին: Ճիշդ է դրամահաւաքին պարբերաբար կը միանային ԱՄՆ-ի մէջ գործող  շարք մը հայկական հեռուստաընկերութիւններ, սակայն անվճար հիմունքով կը կատարուէր, որուն պատճառով  անոնցմէ մի քանին հրաժարած էին մասնակցիլ տուեալ ծրագրին:

Նախորդ բոլոր դրամահաւաքները, որոնք կը կազմակերպուէին ԱՄՆ-ի մէջ բաւական ծախսալից եղած են՝ այն իմաստով, որ կազմակերպիչները գովազդներուն եւ պատկերասփիւռային ընկերութիւններուն միջոցով տեղի ունենալիք դրամահաւաքին համար ստիպուեր են տասնեակ հազարաւոր տոլարներ ծախսել: