«Երկիր» կը հաղորդէ, որ լրագրող Ռահիմ Շալիեւ, «Open Caucasus Media» կայքէջին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածով կը նշէ, թէ Վրաստանի Marneuli հանրային գրադարանին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ նուիրուած գիրքեր տեղադրուած են, որոնք առատօրէն հայատեացութէան եւ հայերուն հանդէպ ատելավառ արտայայտութիւններ կը բովանդակեն:
Յօդուածագիրը կ’ըսէ, որ վրաստանաբնակ ազերի Իմրան Կաֆարով զարմացած է, երբ Վրաստանի վերոնշեալ հանրային գրադարանին մէջ հանդիպած է նման գիրքի: «Երբ այցելեցի գրադարան եւ հանդիպեցայ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի յուշարձանները» խորագիրով գիրքի մը, Ազիզ Ալաքպարլիի կողմէ գրուած, կարծեցի, թէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող յուշարձաններուն մասին է: Սակայն երբ կարդացի գիրքը, յայտնաբերեցի, թէ Հայաստանի մէջ գտնուող յուշարձաններուն մասին է: Գիրքը կը բովանդակէր հայերուն նկատմամբ թշնամանքի արտայայտութիւններ», յայտնած է Կաֆարով, ըստ «Open Caucasus Media»ի լրատուութեան:
Յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ, որ նշեալ գրադարանը կը պարունակէ նմանօրինակ զանազան գիրքեր, որոնց մէջ հայերը կը ներկայացուին որպէս 4 անգամ ազերի ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկած ջարդարարներ, իսկ հայկական հողամասերը` որպէս ատրպէյճանական հողեր:
Նոյն գրադարանին մէջ տեղ գտած «Հայեր եւ իրականութիւններ» գիրքին չորրորդ հատորին մէջ հայատեացութէան արտայայտութիւններ կան քիչ թէ շատ գրեթէ բոլոր էջերուն մէջ: 1925-րդ էջին մէջ հայերը բնութագրուած են որպէս «գնչուներ» եւ «ստրուկներ»:
«Հայերը նորեկներ էին Թուրքիա եւ Կովկաս, ուր գտան բնակելի լաւագոյն հող: Անոնք օգտագործեցին թուրք ժողովուրդին հիւրասիրութիւնը եւ որոշեցին տեղաւորուիլ այստեղ: Այնուամենայնիւ անոնք չկրցան ձերբազատուիլ իրենց գնչուական բնաւորութենէն եւ դարձան մեծ պետութիւններուն խաղալիքը: Անոնք դարձան յաւիտենական թշնամիները այն իշխանութիւններուն, որոնք նախապէս իրենց խնամատարներն էին»:
1942-րդ եւ 1943-րդ էջերը նոյնպէս լի են բացայայտ ատելավառ արտայայտութիւններով:
Նոյն գիրքին մէջ նշուած է. «Ժամանակը պիտի գայ, երբ հայերը պիտի անիծուին մարդկութեան կողմէ եւ յիշուին գիտնականներու, զբօսաշրջիկներու եւ պատմագիրներու կողմէ որպէս երկերեսանի, չարագործ, անբարոյ եւ անառակ ցեղ, որ կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը, կը չարափոխէ թուրքերուն պատկանող յուշարձաններուն եւ վայրերուն անունները, զանոնք հայացնել փորձելով»:
Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ, թէ նման գիրքեր կը հրատարակուին Ատրպէյճանի Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ:
Գրադարանի տնօրէն Լանա Խաշալաշուիլի «Open Caucasus Media»ին յայտնած է, թէ ինք անտեղեակ էր գիրքերուն հայերուն հանդէպ ատելավառ բովանդակութենէն:
Ան յայտնած է.«Երբ գրադարանը բացուեցաւ, Ատրպէյճանի դեսպանատունը իրենց լեզուով գրուած 800 գիրք նուիրեց: Մենք իրաւասութիւն չունինք գիրքերը ստուգելու, որովհետեւ գրադարանը արխիւային բնոյթ ունի: Մենք լիազօրութիւն չունինք որեւէ գիրք զանց առնելու»: