«Անթիլիաս».-Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանէն եւ Կիպրոսէն ժամանած չորս ազգայիններու՝ առաջնորդութեամբ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանին:
Անոնք Լիբանան եկած էին որպէս զեկուցաբերներ՝ մասնակցելու Հայկազեան համալսարանին կողմէ կազմակերպուած Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայ գաղութներուն նուիրուած համագումարին:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ ազգայինները լայն տեղեկութիւններ փոխանցեն Նորին Սրբութեան յիշեալ գաղութներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Իր կարգին Վեհափառ Հայրապետը՝ ողջունելով Յունաստանի եւ Կիպրոսի գաղութներէն ներս մեր ժողովուրդի զաւակներուն կապուածութիւնը եկեղեցւոյ ու համայնքային կառոյցներուն, շեշտեց համայնքներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման հրամայականը՝ գործընթաց մը, որ սկսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Հայրապետը նաեւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տուաւ անոնց եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն, որոնք առաւելաբար կ՚առնչուէին ընդհանրապէս Սփիւռքի եւ յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան: