«Էրմէնի Հապէր».-Ըստ քրտական լրատուամիջոցներու, Թուրքիա կեղծ տեսանիւթեր կը տարածէ՝ զանոնք ներկայացնելով որպէս Հիւսիսային Իրաքի քիւրտ զինեալներու դէմ իրականացուող «մագիլ» ռազմական գործողութենէն պատկերներ:
Թուրքիոյ զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը թրքական լրատուամիջոցներուն կը փոխանցէ ոչ թէ իրական, այլ համակարգչային խաղերու տեսանիւթեր եւ անոնք կը ներկայացնէ որպէս իրականութիւն: Տեսանիւթերը առնուած են այնպիսի հանրայայտ համակարգչային խաղերէ, ինչպիսիք են` «Arma 3»-ը եւ «Medal Of Honor»-ը:
Տեսանիւթը դիտելու ընթացքին պարզուած է, որ ուղղաթիռները անբնական կերպով վայրէջք կը կատարեն:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, թրքական քարոզչութիւնը նպատակ ունի հանրութիւնը մոլորեցնել եւ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Թուրքիոյ զինուժը հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներու դէմ լայնատարած զինուորական գործողութիւններ կ’իրականացնէ, եւ թէ զինուորական ուղղաթիռներուն դէմ քիւրտ զինեալները պայքարելու ի զօրու չեն: Այդ քարոզչութեան լծուած են յատկապէս թրքական իշխանամէտ լրատուամիջոցները: